Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2011 - Յարութ Սասունեան այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան


Պէյրութ

Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11.00-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։
Հոգեւոր Տէրը նախ շնորհաւորեց պր. Յարութ Սասունեանը նոր արաբերէն գիրքի շնորհանդէսին համար: Ապա զինք տեղեկացուց Ամերիկայի նոր առաջնորդ արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի գահակալութեան մասին, յառաջիկայ 2 հոկտեմբեր 2011-ին:
Հոգեւոր Տէրը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ճինիշեան հաստատութեան նկատմամբ Ամերիկայի նախագահ Օպամայի կողմէ առնուած վերջին որոշումներուն՝ Սուրիոյ հետ կապակցութեամբ։ Ան նաեւ յայտնեց իր մտահոգութիւնը լիբանանահայութեան ապագայի մասին եւ Լիբանանի հայ դպրոցներու տնտեսական իրավիճակին մասին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր։ Պրն. Յարութ Սասունեան ներկայացուց իր գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ Միջին Արեւելքի առընչութեամբ հարցեր։
Հանդիպման աւարտին, պր. Սասունեան նուիրեց Հոգեւոր Տիրոջ իր նոր հատորը՝ «Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները` ճշմարտութի՞ւն, թէ՞ խաբէութիւն», որ տոքթ. Նորա Արիսեան թարգմանած է արաբերէնի։ 

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ