Քեսապ, Սուրիա
Հինգշաբթի 27 փետրուար 2014-ին երեկոյեան ժամը 5-ին, Քեսապի հայ առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ երեք հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն, պատասխանատու մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան:
Օրուան հանդիսավար՝ Օրդ. Անի Չէլէպեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Վարդանանց յիշատակը եւ մեր բոլոր նահատակներու յիշատակը, որմէ ետք հրաւիրեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը,որոնք յաջորդաբար երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, «Նորահրաշ» եւ «Հիմի էլ Լռենք», խմբավարութեամբ՝ Արժ. Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին եւ նուագակցութեամբ՝ Ռազմիկ Մելքոնեանին:
Բացման խօսքը կատարեց Պատուելի Սեւակ Թրաշեան, որ մատնանշեց այն կարեւոր կէտը եւ սխալ հասկացողութիւնը, թէ Վարդանանց Պատերազմը միայն հայոց պատմութեան անցեալի էջերուն մէջ գրուած պատմութիւն մը չէ, այլ՝ մեր գոյութեան պատճառն է որպէս հա՛յ քրիստոնեայ ազգի զաւակներ: «Հաւատք,ինքնութիւն,լեզու,մշակոյթ եւ հող բաւարար պատճառներ են ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր այդ բոլորին համար մեր կեանքերը նուիրելու: Նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց փախուստը երբէք լուծում մը չէ: Վարդանի տիպարը, իբրեւ դպրոց՝ ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան, պէտք է դրօշմուի եւ սերմանուի մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ նորահաս սերունդին մտքին, խիղճին եւ ինքնութեան հասկացողութեան մէջ:»
Օրուան բանախօս՝ Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան իւրայատուկ կերպով ներկայացուց Վարդանանց քաջագործութեան եւ զոհաբերութեան խոր իմաստը:
«Վարդանանք ինկան բայց չմեռան: Անոնց մարմինները անտարակոյս հողին պիտի յանձնուէին օր մը,սակայն անոնք իմացեալ մահով անմահութեան դափնեպսակները եղան դարէ դար»:
«Հայկէն մինչեւ Վարդանանք ու ասդին հայոց պատմութիւնը գոյամարտ մը եղաւ, վկայութիւն մը իր հայկեան ինքնութիւնը ու ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանող: Հայոց թագաւորութիւնը հայրենիքին տուաւ մեծութիւն, քրիստոնէութիւնը՝ խիղճի ու հոգիի ազատութիւն: Ահա թէ ինչու անոնք հերոսաբար բարձրացուցին ապստամբութեան դրօշը,որովհետեւ որպէս հայր դաւանեցին սուրբ Աւետարանը եւ որպէս մայր՝ ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ Եկեղեցին:»
Հայր Նարեկ պատմական ընդարձակ ակնարկ մը տալէ ետք Վարդանանց պատերազմին վրայ, շեշտեց թէ հակառակ պարսիկներուն եւ թուրքերուն վայրագ յարձակումներուն, հայ ժողովուրդը միշտ կառչած մնացած է իր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն եւ յաղթական դուրս ելած, որովհետեւ յաղթանակը քրիստոնէութիւնը պահելն է: Ան աւելցուց ըսելով թէ այսօր հայ ժողովուրդը ունի հայրենիքի վերականգման,Արցախի հարցի լուծման, Ջաւախքահայութեան, սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս միջին արեւելքի երկիրներու մէջ հայութեան սպառնացող հայապահպանման խնդիրներ, որոնք կը կարօտին համահայկական ջանքերուն:
Հայր սուրբը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով: «Փառք ու պատիւ Վարդանանցի հաւատամարտի դիւցազուններուն: Փառք՝ հաւատքի եւ հայրենիքի սուրբ խորաններուն իրենց կեանքը անսակարկ նուիրաբերող իմացեալ կեանքի երգիչներուն: Փառք ու պատիւ ուխտապահ զաւակներ ծնող հայ մայրերուն:Յաւէտ Փառք մեր նորօրեայ հպարտ Հայաստանի Վարդանի ժառանգորդ հայ բանակին եւ ազատութեան կերտիչ հայ ֆիտայիներուն»:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան ՀԿՄ.ի եւ հայ աւետարանական Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, ներկայացնելով Վարդանանց պատերազմին նուիրուած ոգեւորիչ երգեր եւ արտասանութիւններ:
Տօնակատարութեան աւարտին Արժ. Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան անդրադարձաւ այն հաստատ իրականութեան թէ Վարդանանց յիշատակի տարեկան մեր ոգեկոչումը սովորական աւանդութիւն մը չէ այլ՝ խորիմաստ եւ բովանդակալից օր մըն է իր յատուկ խորհուրդով ու պատգամով, իր ներշնչանքով, իր հպարտութեան խօսքերով եւ յաղթանակներով: «Այս օրը մեզի համար որպէս հաւատացեալ քրիստոնեաներ մեծ արժէք ունի,որովհետեւ այստեղ մենք մեզ է որ ցոյց տուած ենք,մեր ինքնութիւնն է որ փաստած ենք,մեր հաւատացեալի կերպարն է որ ցոյց տուած ենք,մեր հայկական դրօշմն է որ կնքած ենք: Այս օրը մենք մեր գործնական հաւատքով անգամ մը եւս կը հաւատարմագրուինք մեր հայութեան եւ քրիստոնէութեան եւ մեր կապուածութիւնը կը յայտնենք մեր նախահայրերուն: Այնքան ատեն որ կը հաւաքուինք երեք յարանուանութիւններ միաբուռն եւ միասիրտ կերպով անյաղթելի կը դառնանք եւ հոս է միութեան արժէքը յաղթութեան տեսակէտէն»:
Տէր հօր օրհնութեամբ եւ պահպանիչով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը: