Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2008 - Անարատ Յղութեան Տօնը Զմմառի Մէջ

Զմմառ, Լիբանան

Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Երեքշաբթի՝ 9 Դեկտեմբեր 2008-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Զմմառու Անարատ Յղութեան քոյրերու եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագին ներկայ էին Արհի. Տէր Պօղոս Արք. Գաուսան, Արհի. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, Արհի. Տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Գերյ. հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Եղիաեան, հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, հայր Սարգիս վրդ.Դաւիթեան, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան եւ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը: Պատարագի ընթացքին քոյր Հասմիկ եւ քոյր Նաթալի տուին իրենց ուխտերը, որմէ ետք շնորհաւորութիւններ ընդունեցին միաբանութեան ‎դահլիճին մէջ: Այս առթիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը-

 
«Փառաբանեցէք Աստուած երախտա•իտութեամբ» (Կող. 3,16)

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր
Առաքինազարդ քոյրեր
Յիսուսի ընտրեալ հարսեր,

Երբ մտածենք Անարատ Յղութեան Խորհուրդին մասին, զմայլանքով կը նշմարենք, որ Աստուած այնքան բարեացակամ գտնուեցաւ Մարիամին հանդէպ, որ ան՝ տակաւին չծնած եւ դեռ արժանաւոր ոչ մէկ գործ չըրած, իրեն պարգեւեց բացառիկ շնորհք մը, զայն զերծ պահեց սկզբնական մեղքէն:
 

Դուք ալ, ամէն օր Աստուծմէ բազմաթիւ շնորհքներ կը ստանաք: Արդե՞օք ձեր արժանիքներուն համար է որ զանոնք կը ստանաք: Ո՛չ, այլ Աստուծոյ բարեացակամութեամբ կը ստանաք: Հոն է որ կը յայտնուի Աստուծոյ նախախնամութիւնը ձեզի հանդէպ: Քանի՞ անգամ Աստուած ձեզ հեռու պահեց վտանգներէ եւ մեղքերէ: Ան ձեզի մօտ է, ձեզմով կը զբաղի, այսինքն՝ Հօր նման ձեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ: Պահ մը մտածեցէք, թէ որքա՜ն անձեր գտնուեցան ձեր ճամբու վրայ ձեր կոչման տարիներու ընթացքին եւ անկէ վերջ ալ մինչեւ այսօր, որոնք ձեզի բարիք ըրած են: Հիմա, ձեզի կ’իյնայ, նուազագոյնը, Աստուծոյ հանդէպ երախտապարտ ըլլալ:
Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան իր քրոջ՝ Սելինին կ’ըսէր: «Մի՛ ըսեր թէ ինչ դուն ըրիր Աստուծոյ՝ տունը ձգեցիր, մարդկային հաճոյքներէն զրկեցիր դունզքեզ, վանք մտար, այլ յիշէ՛ թէ ինչ՜եր Աստուած ըրաւ քեզի եւ երախտապարտ եղի՛ր»: Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Աստուած երախտագիտութիւնը շատ կը սիրէ, ուստի երախտապարտ եղի՛ր, երախտապարտ եղի՛ր Աստուծոյ ամէն ատեն»: Այս ըսելով, տասնչորս տարեկան իմաստուն Թերեզան ուրիշ բան չ’ըրաւ, եթէ ոչ կրկնեց Ս. Պօղոսին խօսքը ուղղուած Կողոսի հաւատացեալներուն. «Փառաբանեցէք Աստուած երախտագիտութեամբ, սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով» (3,16):
Այս խօսքերը մտածականի օգտակար նիւթ կրնան դառնալ, մանաւանդ երբ կը փորձուիք մտածելու, թէ ձեր արժանիքներուն համար է որ կը վայելէք այս շնորհքը, կամ այն պաշտօնը: Եւ եթէ երախտապարտ չըլլաք, դիւրաւ հպարտութեան մէջ պիտի իյնաք եւ բազմաթիւ մեղքեր պիտի գործէք: Օրինակը ունիք Աւետարանի փարիսեցիին, որ չ’արդարացաւ Աստուծոյ առջեւ իր հպարտութեան պատճառով, թէպէտ կանոնաւոր կերպով կ’աղօթէր, եւ ըստ օրէնքի նուիրատութիւններ կ’ընէր եւ ծոմ կը պահէր, մինչ խոնարհ մաքսաւորը տուն վերադարձաւ արդարացած:
Քոյրե՛ր մի՛ մոռնաք ձեր երախտապարտութիւնը յայտնել ամէն օր Յիսուսին, ձեր սիրելի փեսային, յիշելով մէյ մէկ ձեր ստացած շնորհքները, եւ անկէ ետք, Անոր ցցուցէք ձեր երախտապարտութիւնը զանազան կերպերով, ինչպէս կ’ընէր սրբուհի Թերեզան, որ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ կոչուելու արժանացաւ:
Նոյնպէս՝ Ս. Կոյս Մարիամ բարի օրինակ կու տայ ձեզի, երբ կ’ըսէ. «Անձս կը փառաբանէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով՝ իմ Փրկիչովս, որովհետեւ հաճեցաւ նայիլ իր աղախինին խոնարհութեան» (Ղկ. 1,47): Որքան խորհրդածէք այս հոգեշահ խօսքերուն վրայ, այնքան աւելի լաւ պիտի հասկնաք Ս. Կոյսին խոնարհ հոգին եւ պիտի աշխատիք անոր նմանելու, մանաւանդ խոնարհութեան, հնազանդութեան եւ երախտագիտութեան առաքինութիւններուն մէջ:
 

 
Մօտենալու համար Յիսուսին, որ է աշխարհին լոյսը, ամէնքս պէտք ունինք տեսնելու լուսաւորուած անձեր, որոնք կը ճառագայթեն իրենց կեանքով Յիսուսին դէմքը եւ կարող են լուսաւորել մեր առնելիք ուղին եւ որոշումը: Ասոնք ճշմարիտ քրիստոնեաներն են, ասոնք մեզ շրջապատող սուրբերն են, եւ բոլորէն առաջ՝ Աստուածամայրը:
Անարատ Յղացեալ Մարիամին նայելով, կ’ըմբռնենք Աստուծոյ ծրագիրը ամէն մարդու վրայ, մեր վրայ, որ է՝ դառնալ «սուրբ եւ անարատ սիրոյ մէջ», ինչպէս կ’ըսէ Ս. Պօղոսը Եփեսոսի նորադարձ քրիստոնեաներուն: Այս է ձեր կոչումը: Իսկ Աստուծոյ ծառան՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը շատ անգամներ երիտասարդներուն ներկայացուց սուրբ Աստուածածինը որպէս «գեղեցիկ սիրոյ Մայրը»:
Սիրելի քոյրե՛ր, ձեր տուները թո՛ղ յիշեցնեն մարդոց, մանաւանդ ձեզ շրջապատող երիտասարդ երիտասարդուհիներուն, որ դուք իսկապէս ձեր կեանքը եւ ձեր կամքը նուիրած էք Քրիստոսին եւ թէ Անոր սէրը կը գերադասէք ամէն բանէ առաջ ձեր գործելակերպին մէջ՝ աշխատանք ըլլայ, դրամ ըլլայ, փոխ յարաբերութիւն ըլլայ, կամ ալ ծրագիրներ ըլլան: Առաջին տեղը Աստուծոյ կը պատկանի միշտ: Այս ձեւով, ձեր վանքերը պիտի դառնան հոգեւոր ովասիսներ: Պիտի լուսաւորեն անոնք որ ճշմարտութիւնը կը փնտռեն, եւ առաւել՝ կոչումներու աղբիւր պիտի դառնան: Ձեր վանքերը, ուր ամէն օր Աստուած կը փառաբանէք եւ ուրտեղէն ոյժ կը քաղէք, ձեզի զօրավիգ պիտի դառնան կարենալ սիրելու համար ամէն մարդ՝ ձեր աշակերտները, անոնց ծնողքները, ձեր գործաւորները, որբերը որ ձեր հոգածութեան յանձնուած են, եւ մանաւանդ՝ ձեր հասարակութեան քոյրերը:
Սիրոյ գերբնական ոյժը, որուն կարիք ունիք ձեր նուիրեալ կեանքը ապրելու համար, պիտի ստանաք Ս. Հաղորդութենէն, Ս. Գիրքի ընթերցումէն եւ ձեր առանձնական լռակեաց աղօթքէն: Ասոնք են ձեր կոչումին առօրեայ անհրաժեշտ եւ օգտակար գանձերը, որոնց պէտք է մերձենաք շարունակ:
Մեր օրերուն, երբ մարդիկ այնպէս կ’ապրին՝ կարծէք Աստուած այլեւս գոյութիւն չունի, ձեր վանքերը, ինչպէս նաեւ ձեր ամէն մէկուն ապրելակերպը եւ վարուելակերպը՝ Աւետարանի վկայութիւն թո՛ղ դառնան եւ թո՛ղ յիշեցնեն բոլոր անոնց որ ձեզի կը մօտենան, ո՛չ միայն որ Աստուած գոյութիւն ունի, այլ նաեւ թէ Աստուած կը գրաւէ կեդրոնը ձեր կեանքին, եւ Ան է որ կ’ապահովէ ամէն մարդուն՝ իր արժանիքը եւ իր պատիւը:
Մեր երկնային Մայրը միշտ օգնութեան կը հասնի բոլոր անոնց որոնք իրեն կ’ապաւինին որդիական զգացումներով: Ան ձեզ կը հրաւիրէ անգամ մը եւս այսօր, իր Անարատ Յղացեալ տօնին առիթով, ձեր կրօնաւորական ուխտը վերանորոգելու եւ ձեր կեանքի վկայութիւնը տալու ամէն քայլափոխին, ինչ որ դիւրին չէ, ինչպէս նաեւ խոնարհ եւ երախտապարտ մնալու, հետեւելով ձեր սիրած սուրբերու օրինակին: Սուրբ Կոյսը, որ ծանր փորձութիւններուն մէջ անգամ, հաստատուն պահեց իր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ, ան ձեզի պիտի օգնէ ձեր նեղութիւններուն ատեն, որպէսզի բնաւ չյուսալքուիք, այլ՝ անխախտ յոյսով եւ ուրախ սրտով ընթանաք, ինչպէս կը վայելէ ձեզի նման նուիրեալ անձերու: Ներկայ Սրբազան Քահանայապետը, իր «Յոյսով փրկուած» շրջաբերական թուղթին մէջ կը գրէ. «Եկեղեցին, նայելով սուրբ Կոյս Մարիամին, զայն կը կոչէ «Յոյսի Աստղը»: Անոր դիմեցէ՛ք եւ ան ձեզ պիտի հոգայ մօր նման:
Այս խորհրդածութիւններէն մղուած, շնորհազարդ քոյրե՛ր, աղաչեցէ՛ք ձեր Երկնաւոր Մօր, ըսելով. «Ո՜վ Աստուածամայր, սորվեցո՛ւր ինծի երախտապարտ եւ խոնարհ ըլլալ եւ քեզի պէս յուսալ եւ սիրել: Դուն, ո՜վ Յոյսի Աստղը, զիս լուսաւորէ՛ եւ առաջնորդէ՛ առօրեայ կեանքիս ելեւէջներուն ընթացքին: Ինծի եւ բոլոր զաւակներուդ զօրավի• եղի՛ր ամէն օր եւ մինչեւ կեանքին վերջը. Ամէն: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ