Պէյրութ, Լիբանան
Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2010, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բազմանդամ պատուիրակութեան մը, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ետք Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողին, հանդիպում ունեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ ողջունեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահը եւ իր հետ ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները: Այնուհետեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վաւերացման գործընթացքը եւ անոր հետ առընչուող եւ համայն հայ ժողովուրդը յուզող զարգացումները: Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահը վստահեցուց, որ Հայաստան չի՛ կրնար առնել համայն հայութեան շահերուն հակառակ որեւէ քայլ կամ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը ու դատապարտումը խոչընդոտող կամ Արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ որեւէ նախապայման: Ան հաւաստիացուց որ Հայաստան կտրուկ կերպով կը մերժէ Թուրքիոյ նախապայմանները եւ վստահեցուց որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կամ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չեն կրնար որեւէ ձեւի սակարկութեան առարկայ դարձուիլ:
Ազգային Ժողովի նախագահ պրն. Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց Լիբանանահայութեան միասնական ամուր կեցուածքը հայկական հարցերուն նկատմամբ եւ անոր գործօն դերակատարութիւնը լիբանանեան պետական թէ ընկերային կեանքէն ներս, նշելով Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան բարելաւումը:
Հոգեւոր Տէրը իր կողմէն պատրաստակամութիւնը յայտնեց օժանդակալու այս գործընթացքին եւ նպաստելու երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Այցելութեան աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց իր հիւրին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հիւրին նուիրեց սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի սրբապատկերը, իսկ Ազգային Ժողովի նախագահը խաչքարի գեղատիպ պատկեր մը՝ Հոգեւոր
Տիրոջ: