Շաբաթ, 4 Օգոստոս 2007 - Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ Պատգամը Հայր Սահակ Քէշիշեանի Մահուան 2-րդ Տարելիցին Առթիւ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի փոխանցած պատգամը Հայր Սահակ Քէշիշեանի մահուան 2-րդ տարելիցի ոգեկոչման նուիրուած երեկոյի ընթացքին.

 

Հայր Սահակ Քէշիշեան: Ահա՛ այս անունը կը պարունակէ իր մէջ կրկնապատիկ ինքնութիւն Հ. Սահակին մօտ, մին՝ հայը, միւսը՝ Յիսուսեան կրօնաւորը:

Հ. Սահակ կարողացաւ այս երկու ինքնութիւնները իրարու հետ շաղախել իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, այն աստիճան որ մէկ ինքնութիւնը ոչ միայն արգելք չհանդիսացաւ միւսին, այլ ընդհակառակը՝ զօրավիգ կանգնեցաւ միւս ինքնութեան, մանաւանդ որ ամէն հայորդին արդէն քրիստոնեայ է եւ հայկական արժէքները մեծապէս թրծուած են Աւետարանի հունին մէջ: Այսպէս, կարելի չէ հասկնալ Հ. Սահակը, անոր կեանքն ու տարած գործունէութիւնը որպէս կրօնաւոր՝ առանց նկատի ունենալու իր բնածին հայկական բնոյթին, եւ կարելի չէ հասկնալ Հ. Սահակը որպէս հայ մարդ՝ առանց նկատի ունենալու իր նուիրական կրօնաւորի դրոշմին:

Հ. Սահակ իր հայկական աշխարհին առընթեր, լաւապէս զարգացուց իր կրօնաւորական ապրումը: Անհնարին է ուրեմն Հ. Սահակին մօտ գնահատել իր հայասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը՝ անտեսելով իր կրօնաւորական հանգամանքը, ինչպէս անհնարին է գնահատել անոր մօտ իր կրօնաւորի տիպարը՝ անտեսելով իր հայկական ծագումը:

Իբր հայ՝ Հ. Սահակ ապրեցաւ, Մարաշ ոչ աննշան քաղաքի մը որպէս հաւատարիմ զաւակ:

Իբր Հայ՝ ան դաստիարակեց երկու հայկական Յիսուսեան կրթօճախներուն մէջ, Հալէպ՝ Սրբոց Վարդանանց վարժարան եւ Պէյրութ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարան:

Իբր հայ՝ ան դասաւանդեց Պէյրութ՝ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնէն:

Իբր հայ՝ ան բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ կատարեց, մանաւանդ թարգմանելով մեր երեք հայ եկեղեցական դիտաններու՝ Ս.‎ Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի մեծագոյն երկերը:

Իբր հայ՝ ան ամէն ամառ Հայաստան կ’այցելէր եւ մատենադարանը եւ այլ հաստատութիւնները կը յաճախէր՝ երեւան բերելու համար հայկական թագուն գանձերը, եւ ամէն տեղ ուր կ’երթար բոլոր դռները բաց էին իր առջեւը:

Իբր հայ բանասէր՝ ան բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրեց եւ դասախօսութիւններ տուաւ Հայաստան, Լիբանան եւ միջազգային կաճառներուն մէջ:

Իբր հայ մտաւորական՝ Հ. Սահակ հանդիսացաւ 1996-ի «Տարուայ Մարդ»ի շքանշանը the Armenian Biographical Institute Ամերիկեան Հաստատութեան կողմէ:

Ան իբր հայ կը շնչէր, իբր հայ կը խօսէր, իբր հայ կ’ապրէր եւ վերջապէս իբր հայ կ’աղօթէր առ Աստուած:

Որպէս Կրօնաւոր՝ Հ. Սահակ յարեցաւ Յիսուսեան հայանպաստ Միաբանութեան:

Որպէս եկեղեցական՝ ան իր քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացաւ երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի ձեռքով, եւ ամէն օր հայկական ծէսով Ս. պատարագ կը մատուցանէր:

Որպէս հոգեւորական՝ ան հիւանդներուն կ’այցելէր եւ զանոնք կը մխիթարէր իր օծուն խօսքերով եւ Ս. Խորհուրդներով:

Որպէս վարդապետ՝ ան հոգեւոր վարիչ էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտական խումբի պատանիներուն, անոնց սորվեցնելով քրիստոնէական սկզբունքները, հայկական աւանդութիւնները առընթեր մարդկային արժէքներուն:

Որպէս քարոզիչ՝ ան բազմաթիւ հոգեւոր կրթութիւններ քարոզեց Լիբանան եւ Հայաստան, մանաւանդ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն:

Որպէս Քրիստոսի քահանայ՝ ան հազարի չափ երեխաներ ինչպէս նաեւ չափահասներ լուսաւորեց մկրտութեամբ Ս. Աւազանին մէջ մայր Հայրենիքին մէջ:

Որպէս նուիրեալ հոգի՝ երբ ձերբազատուեցաւ ժէյթաուի ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնէն, յառաջացած տարիքին բերումով, ան իր Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորէն՝ Հայր Peter-Hans Kolvenbach, արտօնութիւնը խնդրեց HՒtel Dieu հիւանդանոցի հիւանդներուն այցելել՝ իրենց սիրտը սփոփելու եւ անոնց Ս. Հաղորդութիւնը բաշխելու նպատակով:

Տակաւին՝ քանի ու քանի մեզի անծանօթ հոգեւոր մխիթարութիւններ սփռեց Հ. Սահակ իր ամէն քայլափոխին՝ չենք գիտեր: Բայց իր սրտին գաղտնիքը Աստուծոյ քով էր: Եւ Աստուած իրեն վարձահատոյց եղաւ:

Այսպէս կը ներկայանայ մեզի Հ. Սահակ Քէշիշեանը՝ որպէս տիպար հայ եւ որպէս տիպար կրօնաւոր: Ան մեծ հայ եղաւ եւ մեծ կրօնաւոր: Անոր յիշատակը օրհնութեամբ եղիցի:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ