Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2011 - Հարաւային Կովկասի մէջ պապական նուիրակը հրաժեշտի այցելութիւն կու տայ նախագահ Սարգսեանին


Երեւան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հարաւային Կովկասի մէջ պապական նուիրակին` անցնող աւելի քան ութ տարիներուն սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար եւ բարձր գնահատեց անոր անձնական ներդրումը Հայաստան-Վատիկան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:
Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց պապական նուիրակին նաեւ հայագիտական գործունէութեան, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու անկեղծ ջանքերուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց հետագայ աշխատանքին մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ