Արհիապատիւ Գերպ. Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան,
Գերապայծառ Տէր Ռափայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մինասեան, Պատրիարքական Եքսարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի Եքսարքութեան,
Գերյարգելի, Գերապատիւ Վարդապետներ եւ արժանապատիւ քահանաներ,
Առաքինազարդ քոյրեր,
Պատուարժան Դեսպաններ, հիւպատոսներ եւ յարգոյ հիւրեր,
Ճամպարի Հսկիչներ, աշխատաւորներ եւ յոյժ սիրեցեալ պատանիներ.
Սրտի անհուն ուրախութեամբ ձեզ կ’ողջունեմ: Կը յիշեմ հիմա Սուրբ Գիրքին սա խօսքը՝ «Այսօր է զոր արար Տէր, եկայք ցնծասցուք ի սմա», այսինքն՝ «Այս օրն է, որ Տէրը ստեղծեց, ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անով» (Սղ. ՃԺԷ 24): Ի՞նչու համար ուրախանալ. եւ ին՞չու ցնծալ: Որովհետեւ նորակառոյց Հայաստանի Ս. Աստուածածնի մատուռը մեզի համար պատեհ առիթ մը կ’ընծայէ ոչ միայն Սուրբ Աստուածածինին յատուկ կերպով պատուել ու այսօր՝ այս տաճարը իր անունին նուիրելով, այլ նաեւ բոլորիս ուրախութեան համար, որովհետեւ Ան մեր երկնաւոր Մայրն է:
Ծաղկաձորի Ս. Աստուածածնի մատուռը իր պարզութեան մէջ շքեղ, պատիւ կը բերէ հայ կաթողիկէ վիճակին եւ անոր հասարակութեան, Հայ Քոյրերուն ինչպէս նաեւ առատաձեռն նուիրատուներուն:
Այս Մատուռը, որ եկկեղեցի է նաեւ, խորհրդանիշն է Քրիստոսի հիմնած Սուրբ Եկեղեցիին: Ան խորհրդանիշն է նաեւ ուրիշ տաճարի մը՝ մեր հոգիներուն տաճարը. «Որովհետեւ, կ’ըսէ Ս. Պօղոս, մենք, կենդանի Աստուծոյ տաճարներն ենք»՝ (Բ. Կորն. Զ. 16) այսինքն Աստուած կը բնակի մեր մէջ, կը բնակի մաքուր սրտերուն մէջ:
Այս Մատուռը այսօր օծուեցաւ: Մեր մարմիններն ալ օր մը օծուեցան սրբալոյս միւռոնով, սուրբ մկրտութեան աւազանին մէջ եւ խորհուրդներու մերձեցումով՝ անոնք դարձան «տաճար սուրբ Հոգիին»՝ կարող սիրելու, ներելու եւ գոհաբանական աղօթքներ մատուցանելու Քրիստոսի նման:
Եկեղեցին՝ քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի, ան հաւաքավայրն է կենդանի եկեղեցւոյ, որ է բազմութիւնը հաւատացեալներու, որոնք միատեղ կու գան աղօթելու ու իրենց հաւատքին համոզումը արտայայտելու՝ առանձնաբար կամ հաւաքաբար՝ գլխաւորութեամբ իրենց Հոգեւոր Հովիւին:
Սուրբ Պետրոս Առաքեալը իր առաջին թուղթին մէջ կը խրախուսէ նորադարձ քրիստոնեաները սա խօսքերով. «Մօտեցէք անոր - այսինքն Յիսուս քրիստոսի - որ վէմն է կենդանի... դուք ալ իբրեւ կենդանի վէմեր կը կառուցուիք իբրեւ տաճար հոգեւոր, ... որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի ընծայէք Աստուծոյ հաճելի եւ հոգեւոր զոհեր» (Ա. Պետ. 2, 4-5):
Նոյն իմաստով, մեր հայրապետներէն մէկը ըսաւ՝ «եթէ կ’ողջունենք, ի պատիւ Ս. Աստուածածնի այս նորօծ տաճարը, մեր երիտասարդութեան հոգին կը նկատենք տաճար մը աւելի գեղակերտ՝ բնակութեամբ սուրբ Հոգիին»: Այս խօսքերով, ան կը յիշեցնէր Ս. Պօղոսին խօսքը Կորնթոսի հաւատացեալներուն, երբ անոնց ըսաւ. «Դուք չէ՞ք գիտեր, թէ տաճարն էք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա. Կրն. 3,16): Այո՛, սիրելիներս, կենդանի Եկեղեցին անխօս քարերը չեն: Կենդանի Եկեղեցին դուք էք:
Ամէն եկեղեցի է ու կը մնայ իր զաւակներուն համար միասնականութեան տունը եւ դպրոցը ուր կը մեծնան եւ շատ բան կը սորվին: Սակայն այս միութիւնը կրնայ իրականանալ միմիայն, երբ չափահաս քրիստոնեաներ իրար զիրար սիրեն եւ իրարու հետ համագործակցին, անկեղծ հոգիով մանաւանդ անդամները որոնք որոշ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած են, բոլոր հասարակութեան կարիքները հոգալու համար հովիւին առաջնորդութեամբ:
Արդարեւ, հաւատքի միջոցաւ, դուք՝ որպէս կենդանի քարեր, յարմար կը դառնաք եկեղեցական կառոյցին, երբ տաշուած ըլլաք քարերու նման, իրարու քով քովի •ալու համար, միանալու համար, այսինքն երբ միացած ըլլաք իրարու հետ քրիստոնէական անկեղծ սիրով եւ ոչ մարդկային շահերու կամ անձնական հաշիւներու համար: Յիսուս Քրիստոս, փափաքելով բնակիլ եկեղեցւոյ մէջ առաքեալներուն պատուիրեց ըսելով. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէք զիրար» (Յովհ. 13,34), որովհետեւ սէրը զօդն է միութեան:
Սիրելիներ, ինչ որ կը տեսնէք նիւթապէս ներդաշնակ այս մատրան շինութեան շէջ եւ պատերու վրայ, թող կատարուի ձեր հասարակութեան մէջ: Եւ ինչ որ կատարուած կը տեսնէք քարերով որպէս կառոյց, թող իրագործուի ձեր միասնականութեամբ՝ Ս. Հոգիին շնորհքներով:
Սիրելիներ, այսօր յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնե՛նք Տիրոջ, որովհետեւ այս աստուածահաճոյ ծրագիրը իրականացաւ: Ս. Հոգին խրախուսեց Հայ Քոյրերը կառուցանելու համար այս աղօթքի տաճարը, որ պիտի ծառայէ առաւելաբար տարեկան ճամպարներու մասնակցող մեր երախաներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք հոս լոյս եւ կորով պիտի ստանան, նոր հաւատացեալ սերունդներ պատրաստելով:
Այժմ կ’ուզեմ յայտնել իմ սրտագին գնահատութիւնս անձնուէր Քոյր Արուսեակին եւ իր ուխտակից քոյրերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք օժանդակեցին եւ իրենց բաժինը բերին այս Մատրան կառուցման եւ գեղեցկացման աշխատանքներուն: Կը խնդրեմ Տիրոջմէ, որ սփռէ անոնց եւ ձեր բոլորին վրայ իր հոգեւոր եւ ժամանակաւոր առատազեղ բարիքները: Կը հրաւիրեմ Ս. Աստուածածնի մայրական պարգեւները եւ առատ վարձատրութիւնը ամէնուդ վրայ:
Խօսքս կը փակեմ յայտարարելով ձեզի որ այս սուրբ Պատարագը կը մատուցանեմ ձեր բոլորին բարի եւ աստուածահաճոյ դիտաւորութիւններուն համար: Ամէն: