Պէյրութ
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը երեշաբթի, 1 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Լիբանանի յատուկ ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի։ Այցելութիւնը կը մտնէր Քեսապի հարցին շուրջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ կատարուող խորհրդակցութիւններու շրջագիծէն ներս։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ՄԱԿ-ի ներկայացուցչին հակիրճ պատմականը ըրաւ Քեսապի հայաւանի ստեղծումին եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը Հայութեան համար։ Ապա, Հոգեւոր Տէրը պարզեց Քեսապէն տեղահանուած եւ Լաթաքիա ապաստան գտած ժողովուրդին տառապալի վիճակը, շեշտեց տեղահանուած ժողովուրդին անմիջական օժանդակութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ անոր իր բնօրրանը անյապաղ եւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու հրամայականը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անոր յանձնեց մէկ օրինակը յայտարարութեան զոր Քեսապի մասին հրապարակեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Գերագոյն Խորհուրդը:
Տերեք Փլամպլի իր կարգին խոստացաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նկատողութիւնները եւ ակնկալութիւնները փոխանցել առ որ անկ է եւ հարկը տնօրինել Քեսապէն տեղահանուած հայ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն կատարելու ուղղութեամբ։