Լիբանան
Երկուշաբթի, 4 Մայիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ
մանկապարտիզպա¬նու¬հի Տիկ. Մարիա Ապունայեան-Պէօճէքեանի մեծարման երեկոն՝ անոր կրթական մարզի մէջ ունեցած աշխատանքային գործունէութեան 25-ամեակի առիթով: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը՝ վարժարանի պատասխանատուներ, հարազատներ, գործընկերներ, բարեկամներ, վարժարանի աշակերտներ եւ հիւրեր:
Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներէն Տիկ. Ռիթա Եթերեան, որ ըսաւ. «25 •արուն նուիրումի, 25 •արուն զոհողութեան, 25 •արուն կոչումի: Այո՛, կոչումի, որովհետեւ բոլորս կը վկայենք թէ ուսուցչութեան ասպարէզը կոչում է եւ ոչ միայն առաքելութիւն: Տիկ. Մարիան օրինակ է լաւագոյն դաստիարակի: Ան իր աշակերտներուն մէջ ձգած է դրական հետքեր, իր ցուցմունքներով եւ խրատներով, իսկ իր գործակիցներուն մէջ սփռած է համագործակցութեան եւ համերաշխութեան ոգի»: Տիկ Եթերեանի, յոբելեարին ուղղուած բարեմաղթանքներէն յետոյ ցուցադրուեցաւ Տիկ. Մարիա Պէօճէքեանին կենսագրութիւնը պատմող ժապաւէն մը: Ցուցադրութենէն յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Պր. Գալուստ ի մասնաւորի ըսաւ. «Այսօր բոլորս հաւաքուեր ենք միասնաբար յարգանքի տուրք մատուցելու համար անձի մը, որ իր կեանքէն լաւագոյն 25 տարիները նուիրեց կրթական առաքելութեան, իր անխոնջ աշխատանքով ծառայելով Մեսրոպեանի յարկին տակ՝ լիբանանահայութեան իրերարայաջորդ սերունդներու կրթադաստիարակչական աշխատանքներուն անմնացորդ նուիրուած: Ան տուաւ իր սրտէն, իր մտքէն եւ իր խղճէն»: Այնուհետեւ վկայակոչելով Տիկ. Պէօճէքեանի աշխատանքի շօշափելի արդիւնքը, պարոն տնօրէնը շարունակեց իր խօսքը, անդրադառնալով յոբելեարի յատկանիշներէն ամէնէն աչքառուին. «ան կÿաշխատի լուռ, առանց աղմուկի. կը ծրագրէ, կը փլանաւորէ եւ իր մայրական գուրգուրանքով իր շուրջ կը համախմբէ աշխատանքային ողջ անձնակազմը՝ որուն շնորհիւ կը ջանայ տալ լաւագոյնը մեր մատղաշ սերունդներուն»:
|
Տնօրէնի խօսքին յաջորդեցին վարժարանի աշակերտութեան սրտի խօսքերը, կարդացուած հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Աւարտական
դասարանէն Սարին Դաւիթեան ըսաւ. «Մեսրոպեանի բովէն անցած շատ շատեր ունեցած են բախտը եւ պատիւը լսելու անոր անվերջ խրատները եւ հետեւելու բոլոր թելադրանքներուն, որ ան միշտ տուած է եւ ըրած է այնպէս, ինչպէս այդ ամէնը կÿընէ իր զաւակը սիրող ու անվերջ գուրգուրացող մայր մը»:
Արաբերէնով աշակերտութեան խօսքը փոխանցեց աւարտական դասարանէն Էթիէն Սէօքիւնեան:
Այնուհետեւ վարժարանի 10-րդ դասարանի աշակերտ Անդրանիկ Գասպարեան կիթառի վրայ նուագեց «Օրօր»ը, որմէ յետոյ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմի անունով հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Օրդ. Շողիկ Եփրեմեան ըսաւ. «Մենք՝ որպէս մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Մարիան ճանչցանք 2000-2001 ուսումնական տարուընէ, երբ ան ընտրուեցաւ այս պաշտօնին: Զինք ճանչցանք որպէս քնքուշ, առաքինի հայ կնոջ տիպարը մարմնաւորող հայուհիի, որ իր նուիրական պարտքը կը համարէ նեցուկ կանգնիլ իր ամուսնոյն, եւ երեք զաւակներուն, նաեւ Մեսրոպեանին, մանկապարտէզի ընտանիքին, ամէն բանէ վեր դասելով ազգն ու հայրենիքը»:
Աւարտելով իր խօսքը ուսուցչուհին ըսաւ. «Այսօր մենք ալ ընտրած ենք քու նշանաբանդ. աշխատիլ բծախնդրօրէն, աշխատիլ մեծ սիրով եւ
համերութեամբ: Վարձքդ կատար»: Նաեւ մանկապարտէզէն սրտի խօսք ըսաւ արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիա Ապէթեան:
Ընտանիքի անունով խօսք առաւ յոբելեարին եղբայրը՝ Պր. Նազարէթ Ապունայեան, որ վեր հանեց Ապունայեան գերդաստանի եւ ի մասնաւորի իրենց ընտանիքի արժանիքները, յիշեցնելով, որ «Մարիան ընտանիքի անդրանիկը՝ մեր ուղեցոյցն էր: Անոր եղբայրասիրութիւնն ու ծառայասիրութիւնը իր նմանին հանդէպ ընտանեկան աւանդութիւն էին, որուն ամբողջութեամբ նուիրուած էր Մարիան»: Շնորհակալութիւն յայտնելով իր քրոջ, անոր բոլոր ըրած բարիքներուն դիմաց, Պր. Ապունայեան ըսաւ. «Պատիւ Քեզի, թող Աստուած քեզի պահպանէ, որ շարունակես մարդակերտումի ծառայութիւնդ: 25 անգամ վարձքդ կատար»:
Տիկ. Մարիա Պէօճէքեանի ամուսինը՝ Պր. Ստեփան Պէօճէքեանը խօսք առնելով, վեր հանեց իր կողակիցին բոլոր առաքինութիւնները, անոր նուիրելով գեղեցիկ բանաստեղծական տողեր, իսկ դուստրը՝ Սիլվիան մեներգեց «Իւնը Մամա»ն, իր գեղեցիկ կատարումով յուզելով ներկաները:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Գերյարգելի Հայր Եղիա Թ. Ծ.Վ. Եղիայեանը, ըսելով. «Ես քեզ հետ միայն 8 տարի անցուցի դպրոցական կեանքէն ներս, որոնք բաւարար էին, որ գնահատէի քու մէջ երեք կարեւոր կէտեր՝ առաքինութիւններ. միշտ գոհունակ ըլլալդ, համեստութիւնդ եւ կոչումով իսկապէս սկաուտ ըլլալդ»: Գերյարգելի Հօր խօսքին յաջորդեց պարգեւատրման արարողութիւնը, որմէ յետոյ ներկաները մէկ-մէկ մօտեցան յոբելեարին, շնորհաւորելու համար անոր: Երեկոյի աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան վարժարանի տանիքի քաֆիթերիայ, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն: