Կիրակի, 22 Ապրիլ 2007 - Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս.Եղիա Եկեղեցւոյ Երիտասարդները Կը նշեն Հայկական Ցեղասպանութեան 92-րդ Ամեակը

Պէյրութ,Լիբանան

Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ -Ս. Եղիա եկեղեցւոյ երիտասարդները Կիրակի, 22 Ապրիլ 2007ին հանդիսաւոր Ս. պատարագով եւ ապա դասախօսութեամբ մը նշեցին Հայկական Ցեղասպանութեան 92-րդ ամեակը:

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ պատարագին, զոր մատուցեց Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակի հոգեհանգիստ:

Եկեղեցական արարողութեանց յաջորդեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որուն բացման խօսքը արտասանեց Ս. Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Գէորգ վրդ. Ասատուրեան խրախուսելով երիտասարդութիւնը կապուած մնալու ազգին եւ եկեղեցւոյ:

Հայերէնով խօսք առաւ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան: Ան զգուշացուց նոր «Ապրիլ 24»ներէ եւ կոչ ուղղեց արժեւորելու այսօրուան հայապահպաններն ու եկեղեցւոյ նուիրեալները:

Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան (արաբերէնով): Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ապրիլեան Եղեռնի վայրագութիւններուն եւ անոր հետեւանքներուն: Ան յատկապէս կեդրոնացաւ հայոց պատմութեան վերջին 15 տարիներու գործունէութիւններուն վրայ, որոնք կը տարուին ի շահ Հայ Դատին:
Ան յատկապէս խօսեցաւ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին: Խորհրդանշական էր Վ. Եագուպեանի խօսքին վերջին մասը, ուր նշեց, թէ այսօր Թուրքիա կ’ապրին մօտ 2 միլիոն հայեր, որոնք իսլամացած են:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը մասնակցութեամբ Ռիթա Գրումլեանի, որ խոր ապրումով մեներգեց Մալոյեան Երանելիի երգը, երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Վլատիմիր Գրումլեանի: Ասմունքեցին փոքրիկն Վանեսսա Հատտատ, Յակոբ Ճիզմէճեան եւ Սալիմ Համմալ:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն միաբերան եւ յոտնկայս «Տէր Ողորմեա»ով:

Ապա մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ