Զմմառ, Լիբանան
Կիրակի 25 Մայիս 2008ին Լիբանանահայ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Վանքը, կատարելու իր տարեկան Մայիսեան ուխտագնացութիւնը Զմմառու հրաշագործ
|
Ցաւագին Տիրամօր յատկապէս Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու Լիբանանի խաղաղութեան համար
:
Առաւօտեան ժամը 10:00ին խուռներամբ բազմութիւն մը հետեւելով Աստուածամօր արձանին, վարդարանի հատիկները աղօթելով, ու Աստուածամօր տաղեր երգելով ուղղուեցան դէպի Զմմառու վանքի շրջափակը:
Ապա սոյն արարողութենէն ետք, նախագահութեամբ Ամեն. եւ Գեր. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկիս Պատրիարքի սպասաւորներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Վանքի շրջափակը սկսելու համար սոյն օրուայ սրբազան արարողութիւնները: Առաջին կարգին, Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Ընծայարանի երկու ժառանգաւորներ Եղբ. Ռաֆֆի Պէրպէրեան եւ Եղբ. Հրայր Զահթէրեան ստացան փոքր կարգերու եւ կիսասարկաւագութեան աստիճանները ձեռամբ Հոգեւոր Տիրոջ: Նոյն կարգերը ստացաւ նաեւ Եղբ. Ռաֆայէլ Ժաուհարժին Պէյրութի Պատրիարքական թեմէն:
Ապա, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը մատուցեց Ս. Պատարագ ինչպէս նաեւ փոխանցեց օրուայ պատգամը: Շեշտելով փոքր կարգերու եւ կիսասարկաւագութեան կարգի տուչութեան կարեւորութեան մասին, ան առիթէն օգտուելով անդրադարձաւ կոչումներու տագնապին, զոր եկեղեցին կը տառապի անկէ:
Երկրորդ կարգին, Ս. պատարագի աւարտին, հաւատացեալ ուխտաւորները հետեւելով թափօրին, վերաբացումը կատարեցին Զմմառու Աստուածամօր վերանորոգուած մատրան, զոր
|
կառուցուած է Կարդինալ Աղաճանեանի Կաթողիկոսութեան օրով, 1946 թուականին:
Ապա, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, Զմմառու վանքի վարչական վարդապետներն ու նոր ձեռնադրեալները շնորհաւորութիւնները ընդունեցին վանքի պաշտօնական դահլիճին մէջ:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, վանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վարդարանի աղօթքը նախագահութեամբ վանքի մեծաւոր Գեր. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի եւ հայազգի զաւակներու մասնակցութեամբ: Հաւատացեալները, վանաբնակ հայրերն ու ժառանգաւորները միասնաբար աղօթեցին Վարդարանի ուրախութեան խորհուրդը, նոր ձեռնադրեալներուն որպէսզի հաստատ մնան իրենց կոչման մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խաղաղութեան զոյգ դիտաւորութիւններուն համար:
Զմմառու Ցաւագին Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, ուխտը կատա՛ր բոլոր ուխտաւորներուն: