Պէյրութ
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը յայտարարէ թէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, 21 մարտ 2015-ին, ստորագրեց եւ մամուլին յանձնեց ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ մը, «Ի ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ» խորագրով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով:
Սոյն Հայրապետական Պատգամը, տրուած արեւմտահայերէնով, լոյս պիտի տեսնէ Յարութեան տօնին՝ 5 ապրիլին, եւ պիտի ներկայացուի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ խորանէն:
Այս թուականէն ետք Հայրապետական Պատգամը պիտի հրատարակուի նաեւ 7 լեզուներով եւ արեւելահայերէնով: Կարելի պիտի ըլլայ Պատգամը ներբեռնել www.armeniancatholic.org եւ .net պաշտօնական կայքերէն:
Պէյրութ 27 մարտ 2015
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի