Չորեքշաբթի, 23 Յուլիս 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը զօրակցի Իրաքի քրիստոնեաներուն հետ

 

Պէյրութ

 

 

 

 

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հարցազրոյց մը ունեցաւ Թէլէլիւմիէր-Նուրսաթ հեռուստակայանի խօսնակին հետ, երեքշաբթի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

Հարցազրոյցի ընթացքիին Հոգեւոր Տէրը յիշեց, որ 21-րդ դարուն քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները ամենասաստիկն են պատմութեան ընթացքին: Իրաքի քրիստոնեաները, որոնք հազարներով փախուստ կու տան Մուսուլէն եւ այլ շրջաններէն, արդէն փոքրամասնութիւն կը կազմեն եւ որոնց թիւը վերջին տարիներուն զգալիօրէն նուազեցաւ «Արաբական գարուն» արտայայտութեան շրջանին: Այսօր Մուսուլ գրեթէ դատարկ է քրիստոնեաներէն աւելցուց Հոգեւոր Տէրը:

Իսլամ ծայրահեղականներու տուած վերջնագրին համաձայն, Իրաքի քրիստոնեաները ստիպուած եղան լքելու իրենց երկիրը, ապա՝ այլ ճակատագրի պիտի ենթարկուէին:

Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն միակ ապաւէնը Քրիստոսն է եւ ոչ՝ զէնքը: Քրիստոնեաները խաղաղութեան կողմնակից ենք եւ ոչ պատերազմի, ըսաւ ան, ապա՝ կոչ ուղղեց բոլոր միջազգային հասարարական կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մարմիններուն ձեռնածալ չմնալ ու աշխատիլ վերջ տալ հալածանքներուն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ