Պէյրութ
Չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ժալ Էլ Տիպի
«Սիւրֆաս Լիպր» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի «Յետադարձ հայեացք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին: Ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ամբողջ սերունդի մը ապրած մղձաւանջը, տառապանքը, ցասումը, ցաւն ու ապրելու տենչը կ'արտացոլայ: Տաղանդաւոր գեղանկարիչին այս գործերուն ճամբով հայուն ապրած անմարդկային ցաւն ու չարչարանքը, վերապրելու կամքն ու խաւարին մէջ իսկ լոյսը փնտռել ու գտնելու տենչը կը փոխանցուի ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ լիբանանցի արուեստասէրին եւ հանրային կարծիքին: Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ընթացքին վաստակաւոր գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան խօսք առնելով ներկայացուց լիբանանահայ գեղանկարչութեան պատմական զարգացումը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք` յատկապէս կեդրոնանալով 1960-ական թուականներուն վրայ: Ապա Նորիկեան ներկայացուց իր անձնական փորձառութիւնը` տալով վաստակաշատ գեղանկարիչ Կիւվտերին օրինակը, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ, յատկապէս ուսանողութեան առաջին տարիներուն: Ան մեծապէս քաջալերած է զինք եւ ազդած է անոր արուեստագէտի կազմաւորումին վրայ: Նորիկեանի «Յետադարձ հայեացք» ցուցահանդէսին ցուցադրուած են 50 տարուան գեղանկարներ, որոնք իր սեփական հաւաքածոյին մաս կը կազմեն: Ըստ Նորիկեանի, գեղանկարչական գործերուն ստեղծման աղբիւրը եղած է իր նախնիներէն իբրեւ ժառանգութիւն փոխանցուած տառապանքը, որ կը գտնուի նաեւ իր էութեան եւ գործերուն մէջ: Գրիգոր Նորիկեանի գործերով հարստացած ցուցասրահին մէջ արուեստի տիրական ներկայութեան ընդմէջէն կը բաբախէին հայուն պատգամը, Հայոց ցեղասպանութիւնը յաղթահարած ժողովուրդի մը պատմութեան օղակ մը, կարեւոր հանգրուան մը, որ հիմը դրաւ հայութեան գոյատեւման երթին: Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 14 փետրուար 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ ժամը 9:00, նոյն վայրին մէջ: