Պքերքէ, Լիբանան
Երկուշաբթի, 14 փետրուար 2011, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր 44-րդ հերթական ժողովը սկսաւ Պքերքէյի մէջ, որուն հիմնական նիւթն է՝ «Կաթողիկէ Եկեղեցիները Լիբանանի մէջ եւ Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսի առաջադրանքները»:
Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը կը մասնակցի այս հերթական ժողովին, որ կը շարունակուի մինչեւ ուրբաթ օր, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաքելական նուիրակի մասնակցութեամբ: