Պէյրութ
Բոլոր անոնք որոնք Կիրակի, 16 Յունիս 2013-ի առաւօտեան փութացին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Հռիփսիմեանց երկրորդական Վարժարան՝ ներկայ գտնուելու համար Վարժարանի Մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարաններու ամավերջի հանդէսին եւ վկայականաց բաշխման, հաւանաբար հաճելի, ուրախալի կամ նոյնիսկ զուարճալի պահ մը անցնելու տրամադրութեամբ մուտք գործեցին տօնականօրէն զարդարուած սրահ, սակայն երկու ժամ ետք անկէ դուրս եկան այդ երեւութապէս պարզունակ ու մանկական հանդէսին ընդմէջէն տեսնելով հայկական մանկապարտէզը որպէս յուսադրիչ ապագայի մը գրաւական։ Այս համոզումով գործած էին ամբողջ տարին վարժարանի տնօրէնութիւնն ու մանկապարտէզի անձնակազմը, անոնք այս գիտակցութեամբ բեմ հանած էին մանկապարտէզին Ծաղիկ դասարաններու 43 տղաքն ու աղջիկները, ապացոյցը տալու համար Հայ Մանկապարտէզի կարեւորութեան՝ ապագայ սերունդներու հայկական ինքնութեան յատկանիշերով կազմաւորումին համար։ Այս համոզումով ու գիտակցութեամբ գործած են Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը 90 տարիներ ամբողջ։
Նախ աշխարհն ու մարդկութիւնը շրջապատող աստուածատուր բնութիւնն ու կենսոլորտը անաղարտ ու անապական պահելու-պահպանելու կարեւորութիւնը ցոյց տուող եւ երգով ու պարով համեմուած բեմադրութեամբ մը, ապա նաեւ մանկապարտէզի առաջին իսկ տարիներու ընթացքին իրենց ամբարած գիտելիքները, բայց մանաւանդ իրենց հայու ինքնութիւնը հիմնաւորող քրիստոնէական եւ հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը արտայայտող ելոյթներով՝ որոնք տեղի ունեցան Սբ. Խաչի եւ հայկական Եռագոյնի առաջնորդութեամբ, մանկապարտէզի ծաղիկները շօշափելի վկայութիւնը տուին Հռիփսիմեանցի հաւատարմութեան իր 90 ամեայ առաքելութեան։ Անոնք իրենց ամբողջ սրտով, մանկական խանդով ու ապրումով կատարած հայերէն, արաբերէն ու ֆրանսերէն արտասանութիւններով, երգերով, պարերով ու բեմադրութիւններով հաստատեցին այն ինչ որ Վարժարանի վաստակաշատ ու ժրաջան տնօրէնուհին՝ Քոյր Արմինէ Մակարոսեան ըսաւ Հռիփսիմեանցի 90 տարիներու անշեղ առաքելութեան մասին, առաքելութիւն մը, որ բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ իբրեւ ուղեցոյց ունեցած է նորահաս սերունդներու ուսումնառութեան եւ բազմակողմանի դաստիարակութեան զուգահեռ եւ ասոնց ճամբով՝ անոնց հաւատարմութիւնն ու ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, Ազգին, Մայր ու ծննդավայր հայրենիքներուն։
Մանկապարտէզի ծաղիկներուն այնքան ոգեւորող ելոյթներուն մէջ՝ ծնողաց, մանաւանդ երիտասարդ հայրերուն ու մայրերուն ուղղուած պատգամ մը կար։ Պատգամը չդաւաճանելու մէկուկէս միլիոն եւ Հայոց բոլոր ժամանակներու նահատակներու Կտակին եւ միայն ու միա՛յն Հա՛յ Դպրոցին վստահելու իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը։
Հռիփսիմեանցի մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարաններուն ամավերջի հանդէսը եւ բոլոր մանկապարտէզներու հանդէսները սովորամոլ եւ ժամանցային պահեր չեն, այլ յուսադրիչ ապագայի մը գրաւականներ։ Ծաղիկներու կատարումներու աւարտին հնչած ծափահարութիւնները միայն քաջալերական չէին, այլ այս գիտակցութեան արտայայտութիւնը։ Գիտակցութիւն մը՝ զոր պարտին ունենալ բոլո՛ր հայ ծնողները։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
19-06-2013