Կիրակի, 5 Ապրիլ 2015 - Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ 2015-ի սուրբ Յարութեան պատգամը

 

 

Պէյրութ         

 

            Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առիթով, ի ձայն ցնծութեան Ձեզի կը փոխանցենք մեր Հայրապետական պատգամը Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ եւ Առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան հաստատութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած  համայն բարեպաշտ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներ:

 

                              «Ան որ Աստուծմէ ծնած է, աշխարհին կը յաղթէ: Եւ այս է յաղթանակը որ աշխարհինկը յաղթէ, մեր հաւատքը» (1 Յովհ 5,4)

 

            Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը պէտք է համարենքմեր կեանքին գլխաւորագոյնեւ մեր հաւատքին կեդրոնական օրը: Կրնանք ըսել թէ Քրիստոսի Յարութիւնըամէն քրիստոնեայի հաւատքին տօնն է: Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, ձեր հաւատքը պարապ է» (1 Կոր 15,17): Բայց ստոյգ է որ Յիսուս յարութիւն առաւ: Ուստի, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հաւատալ:Եւ եթէ այսօր մենք քրիստոնեայ կը կոչուինք, կը նշանակէ որ մենք Քրիստոսի աշակերտ ենք, որովհետեւ Քրիստոսի ՍուրբՅարութեան կը հաւատանք:

            Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը կարողութիւն ունի բարեփոխելու ամէն հաւատացեալի կեանքին ընթացքը, ինչպէս նաեւ մարդկութեան պատմութիւնը: Այս է որ պատահեցաւ 1714 տարի առաջ Հայ ժողովուրդին, երբ հաւատաց Քրիստոսին՝ շնորհիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեան եւ անոր կեանքի վկայութեան: Անկէ վերջ, Հայ Ազգը փառապանծ պատմութիւն մ'ունեցաւ, ոչ միայն առաջին ժողովուրդը եղաւ որ քրիստոնեայ կրօնքը հաստատեց որպէս պետական կրօն, այլ նաեւ տալով երեւելի սուրբ հայրապետներ՝ինչպէս Մեծն Սուրբ Ներսէս, Սուրբ Յովհան Մանդակունի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի,Սուրբ Ներսէս Լամպրոնացի եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ համբաւ ունեցող վանականներ՝ ինչպէս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ հայ ժողովուրդին ամէնէն սիրուած եւ կարդացուած սուրբն է, եւ որ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը՝գալ կիրակի օրը երեսուն վեցերորդ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետպիտի հռչակէ:

            Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը պատմական անժխտելի եղելութիւն մըն է: Արդարեւ, Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հիմնուած է Միածին Որդի՝ Յիսուսին Յարութեան վրայ։ Անմեզի պէս մարդ եղաւ, որպէսզի մեզ փրկէ մեր մեղքերէն ու յաւիտենական մահէն,եւ յարութիւն առաւ մեր արդարացումին համար, ինչպէս կ'ըսէ Սուրբ Պօղոսը հռոմայեցի նորահաս քրիստոնեաներուն (Հռ 4,25):

            Յիսուսին Յարութիւնը մեզի համար մեծ կարեւորութիւն կը ստանայայնքան որքան հաւատք ունինք: Սիրելիներ, նկատի պէտք է առնենք որ հաւատքը աստուածային առաքինութիւն մըն է, այսինքն Աստուծմէ մարդուն տրուած պարգեւ մը,եւ ոչ արդիւնք մարդկային կարողութիւններուն: Փաստ՝ մանուկներ եւ անուս քրիստոնեաներ, որոնք սուրբ եղած են, ո՛չ իրենց գիտութեանշնորհիւ, այլ իրենց հաւատքինհամար:

            Համոզուած հաւատացեալը ինքն իրմէ ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ երկիւղած սրտով Աստուծոյ դիմելու, որպէսզի իր հաւատքը հաստատուն մնայ եւ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց չսայթաքի: Նման քրիստոնեան իմաստուն կերպով կը շարժի, որովհետեւ գիտէ թէ ո՛ւր է իր օգուտը, ո՛ւր է իր շահը:Իր գերագոյն շահը Աստուծոյ մօտ է: Այս իմաստուն քրիստոնեան կ'ապրի ու կ'աշխատի նաեւ ուրիշներուն բարիքին համար: Իսկ հաւատք չունեցողը չի գիտեր ուր է իր իսկական շահը, եւ աղօթքի կը դիմէ միայն երբ ծանր նեղութեան կը մատնուի:

            Յիսուսինաշակերտները,օր մը Անոր ըսին. «Տէ՛ր,աւելցո՛ւր մեր հաւատքը» (Ղուկ 17,5): Ուստի, եթէ դուք Յիսուսի հարազատ աշակերտներ կ'ուզէք մնալ, խոնարհութեամբ եւ յարատեւ կերպով խնդրեցէք յարուցեալ Քրիստոսէն որ ձեր հաւատքըաւելցնէ, որպէզի Աստուծոյ կամքը լաւ իմանաք ու կատարէք եւ երջանիկ դառնաք՝ դուք եւ ձեր շրջանակը:

            Աղօթքին պէտք է լուրջ կարեւորութիւն ընծայել, որովհետեւ ներկայ աշխարհը,իրարդի մշակոյթով, կը մղէ մարդը այնպէս ապրելու՝կարծէք թէ Աստուած գոյութիւն չունենար:Անոնք առաջնահերթ կարեւորութիւնկու տան շահի, բարեկամութիւններու եւ դիրք ու պատիւ փնտռելու: Շատեր, եթէ ոչ մարդոց մեծամասնութիւնը, անոնց պէս կը մտածեն եւ դժբախտաբար այս թակարդին մէջ կ'իյնան ու իրենց ամբողջ մտահոգութիւնը Աստուծմէ հեռու կը մնայ՝ուղղուած ըլլալով լոկ նիւթական շահին, որ մարդուն գոհունակութիւն եւ երջանկութիւն չիբերեր:

            Միակ ճշմարտութիւնը այն է՝ որ Աստուած գոյութիւն ունի, որ Յիսուս իսկապէս Յարութիւն առած է եւ Ա՛ն միայն կարող է մեր կեանքը բարւոքել: Այս է այսօրուան խորհուրդը որ պէտք է ապրինք ամէն օր, մանաւանդ ամէն սուրբ պատարագին ընթացքին, որովհետեւ առանց Քրիստոսի Յարութեան, մեր կեանքը անիմաստ կը դառնայ եւ դժուարութիւնները որոնք մեզ կը շրջապատեն՝մեզ տխուր եւ անյոյս կը դարձնեն, բան մը որ յուսահատ եւ անգոհունակ վիճակ մը յառաջ կը բերէ:

            Լուրերը բացայայտ են. Եւրոպական ամէնէն յառաջացած երկիրները՝ ամէնէն շատ անձնասպանութիւններ կ'արձանագրեն: Դժբախտաբար, կան քրիստոնեաներ, որոնց  հաւատքը տկարացած է կամ մարած,  անոնց կը հետեւին: Անցեալ Մարտ 6-ին, այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը՝Ֆրանչիսկոս խօսք ուղղելով մօտ հինգ հազար հոգիներու հաւաքի մը առջեւ կազմուած միսիոնար քահանաներէ,ընտանիքներէ ու երիտասարդներէ, ըսաւ. «Գացէ՛ք, քարոզեցէ՛ք Քրիստոսը հեթանոսներուն եւ ոչ մկրտուածներուն, ինչպէս նաեւ՝ հեթանոս քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց մկրտութիւնը մոռցած են եւ որոնց հաւատքը մարած է: Ի՜նչ տխուր բայցդժբախտաբար իրական խօսք, որ մեզի մտածել կու տայ թէ արդեօք մե՞նք ալանոնցմէ ենք որոնց հաւատքը թուլցած է, բան մը որ կըմղէբազմաթիւ քահանաներ եւհարիւրաւոր ընտանիքներ աշխարհին չորս կողմ երթալու՝ Քրիստոսըքարոզելուհամար:

            Արդարեւ, քանինե՜ր կ'ապրին դժբախտաբար  խաւարի մէջ, առանց գիտնալու ինչո՞ւ համար կ'ապրին: Իրենց կեանքը նիւթական դարձած է՝ առանց Քրիստոսի լոյսին, որ միայն ի՛նքը կրնայլուսաւորել իրենց ժամանակը, իրենց կեանքը: Կ'ապրին առանց ուրիշներուն օգտակար դառնալու, առանց կեանքի նպատակ ունենալու, կարծէք թէ Քրիստոս Յարութիւն չէ առած եւ կամ մեզի իր յարութեամբ նոր կեանք չէ պարգեւած: Յարուցեալ Քրիստոսը մեր յոյսի ուժն է եւ մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետ Յարութիւն առնելու: Յարուցեալ Քրիստոսին վրայ դրած մեր հաւատքը կարող է մեր կեանքը փոխելու, անոր նոր իմաստ մը տալու, մերմիջավայրին մէջբարի լուրը տարածելու եւ մեր շրջապատէն ներս նոր յոյս մը ներշնչելու: Հաւատքը կեանքը կը բարւոքէ, յուսահատութիւնը կը փարատէ, երիտասարդներուն դիմաց նոր հորիզոններ կը բանայ եւ դժուարութեան մէջ գտնուողներուն՝լուծումներ կը թելադրէ ու հանրային մշակոյթը կը բարեփոխէ: Այսպէս, ամէն հաւատացեալ մարդ ու կին, երիտասարդ ու երիտասարդուհի «աշխարհին լոյսը կըդառնայ, երկրին՝ աղը եւ զանգուածին՝ խմորը»:

            Յոյժ սիրելիներ, այս ըմբռնումով, այսօրուան Սուրբ Յարութեան տօնը մեր ապրումին իմաստըկը նորոգէ եւ կը լուսաւորէ մեր կեանքին նպատակը: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք որ Յիսուս յարութիւն առաւ, ուրեմն մենք ալ յարութեան կրնանք հասնիլշնորհիւ իրեն: Այս է քրիստոնեայ կրօնքին իսկական նորութիւնը՝մահուընէն ետք յարութիւն առնել, յաւիտենական կեանք ունենալ Աստուծոյ մօտ, շրջապատուած մեր անթիւ նահատակներով եւ սուրբերով, գլխաւորութեամբ մեր երկնային մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնին:

            Այս է պարգեւը որ Յիսուս պատրաստած է մեզմէ ամէն մէկուն համար իր փառաւոր Յարութեամբ. ամէն:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի

 

 

                                                                                                                                                                                                                                                                           Ներսէս Պետրոս ժԹ.

                                                                                                                                                                                                                                                                        Կաթողիկոս  Պատրիարք

                                                                                                                                                                                                                                                                 Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկէ Հայոց

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ