Մոնրէալ
Կազմակերպութեամբ Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Տիկնանց յանձնախումբին, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Իբեկեան Եղբարք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն մը՝ 130 հոգւոյ մասնակցութեամբ:
Սրահի մուտքին մայրերը ստացան մէկական կարմիր մեխակ: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց տիկին Հուրի Գալուստ, որ անդրադարձաւ հայ մօր կարեւոր դերակատարութեան, յատկապէս` ընտանեկան յարկին տակ: Ան իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանը: Ժողովրդապետ Հայրը սեղանները օրհնելէ ետք՝ ներկաներուն փոխանցած իր պատգամին մէջ, ի միջի այլոց ըսաւ « այսօր կը շնորհաւորենք բոլոր մայրերը եւ կը յայտնենք անոնց մեր սէրը, յարգանքն ու երախտագիտութիւնը... Աստուած ստեղծած ըլլալու է մայրերը՝ մեզի գաղափար մը տալու համար իր անհուն բարութեան, գորովին, անուշութեան, համբերութեան եւ սիրոյն մասին...Մայրերը կը մնան որպէս լուսաւոր փարոս` իրենց զաւակներուն դիմագրաւած հոգեմտաւոր խարխափումներու ճամբուն վրայ»:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ տաղանդաշատ եւ հանրածանօթ ասմունքող Օրիորդ Շուշանանիկ Մելքոնեան որ մասնակցողներուն հարազատ եւ արտայատիչ ձեւով ասմունքեց Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն յուզիչ եւ խորիմաստ «Մօր ձեռքերը»՝ արժանանալով ներկաներուն խանդավառ ծափահարութեան եւ խոր գնահատանքին:
Յաջորդաբար, յանուն Տիկնանց Միութեան, Հայր Զապարեան մէկական ծաղկեփունջով մը, վկայագիրով մը եւ գողտրիկ Վարդարանով մը պատուեց մայրերէն՝ Տիկին Արտեմիս Պարսեմեանը, Տիկին Ալիս Չափարեանը եւ Տիկին Վարդուհի Թերճանեանը:
Օրուան տօնակատարութիւնը համեմուեցաւ՝ ի հաճոյս բոլոր մասնակցողներուն պատրաստուած արքայական նախաճաշով մը: