Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2013 - Փորձագէտներ Կը Հաստատեն. Թուրինեան Պատանքը Իրական Է` Կեղծուած Չէ

Իտալիա

Pravda.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրինեան պատանքի` այսրկարմիր լոյսի օգնութեամբ իրականացուած հերթական ուսումնասիրութիւնը ապացուցած է, որ պատանքը միջնադարուն չէ ստեղծուած, այլ իրական հին պատանք մըն է, որով շատ հաւանաբար ծածկուած եղած է Քրիստոսի դիակը:
Քանի մը դարերու ընթացքին գիտնականները կը վիճէին պատանքի իրական ըլլալուն վերաբերեալ: Այժմ,  կարծես, վերջ պիտի տրուի տարակարծութիւններուն:

Իտալական Փատովա քաղաքի համալսարանի փրոֆեսէօր, մեքանիքական եւ ջերմային չափագրման ոլորտի մասնագէտ Ճուլիօ Ֆանթի եւ լրագրող Սաւերիօ Կայթա ուսումնասիրած են պատանքի մանրաթելերը եւ զանոնք համեմատած կտաւներու նմուշներու հետ` երեք հազար տարի առաջուընէ մինչեւ մեր օրերը:
Վերլուծումներուն արդիւնքները ցոյց տուած են, որ պատանքի ստեղծման օրը կը գտնուի երեք հազար տարի առաջուընէ մինչեւ ՅՔ 400 թուականի միջեւ: Սակայն ուրկէ՞ ատոր վրայ յայտնուած է Քրիստոսի դէմքին հետքերը, փորձագէտները տակաւին չեն կրնար բացատրել:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ