Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2014 - Զէքիեան Գերապայծառի պաշտօնական հանդիպումները Անգարայի մէջ

 

Անգարա

Արհիապատիւ Տէր Լեւոն արք. Զէքիեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Անգարա 16 Հոկտեմբեր 2014-ին։ Անգարայի մէջ ան ունեցաւ պետական դէմքերու հետ շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ: Արհիապատիւ Տէր Լեւոն արք. Զէքիեան հերթական հանդիպումներ ունեցաւ ներքին գործոց, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ առողջապահութեան նախարարներ Էֆքան Ալայի, Էօմէր Ջէլիքի, Տօքթ. Մէհմէտ Միւզէզզին Օղլուի հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցեցաւ սահմանադրական դատարանի նախագահ Հաշիմ Գըլըճի հետ։ Այս հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան այդ բնագաւառներուն առընչակից հարցեր: Բացի այս հանդիպումներէն, կայացաւ նաեւ Զէքիեան գերապայծառի հանդիպումը Կրօնից Գործոց տեսուչին հետ:

Զէքիեան գերապայծառին կ՚ընկերանային Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Ժիլպէր Անան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարիչ տիկին Թալին Էրկիւնէշ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ