Դամասկոս, Սուրիա
Դամասկահայութիւնը անգամ մը եւս Ապրիլի 24-ին իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդի բազմահազար նահատակներուն հոգիներուն:
Ապրիլի 23-ին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հսկումի երեկոյ կազմակերպութեամբ ՀԿՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, ՍԵՄ-ի եւ Համազգայինի երիտասարդական միացեալ յանձնախումբին:
Ժամը 9:00-էն սկսեալ մեծ թիւով հայորդիներ հաւաքուած էին եկեղեցւոյ բակին մէջ նահատակաց յուշակոթողին շուրջ ուր արդէն կը սփռուէր Մեծ Եղեռնի մասին նոր պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէն մը:Հսկումի երեկոյին ներկայ գտնուեցան Գեր. Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը- Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր դեսպան տոքթ. Արշակ Փոլատեանը, ինչպէս նաեւ միութիւններու պատասխանատուներ ու վարչականներ: Հսկումի երեկոն պաշտօնապէս սկսաւ ՀԿՄ-ի շեփորախումբի կշռոյթով՝ մասնակցող միութիւններու կողմէ ծաղկեպսակներու զետեղումով յուշարձանին առաջ: Արաբերէն լեզուով բացման խօսքը ներկայացուց Վարանդ Մելքոնեան որ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբ ժողովուրդին իր ասպնջականութեան համար, նամանաւանդ Սուրիոյ հիւրասէր ժողովուրդին որ եղբայրական մօտեցումով տուն ու տեղ տուաւ եղեռնէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի մնացորդին: Ան նաեւ զուգահեռներ գծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ու Պաղեստինի արաբ ժողովուրդին պարտադրուած բռնարարքներու միջեւ: Գեղարուեստական յայտագիր մը գործի դրուեցաւ որ կ՝ընդգրկէր ասմունքներ, երաժշտական կատարումներ ու երգեր մասնակցող միութիւններու անդամներու կողմէ: ՀԿՄ-ականները իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի կազմակերպութեան ու գեղարուեստական յայտագրին: Ջահակիր Նորայր Տէր Պետրոսեանը մեծ ապրումով ասմունքեց: Ջահակիրներու ու պատանիներու կազմը միասնաբար խմբերգեցին «Ապրիլեան նահատակներուն» ու «Հայեր Միացէք» երգերը: Պատանիներ ՍթիՖ Գոմուրեան, Շանթ Տէր-Մեսրոպեան, Ժանօ Թումա, Ֆրանսուա Իսքէնտէրեան, Սարօ Սուվալեան միասնաբար նուագեցին Արա Գէորգեանի «Արցախ» ստեղծագործութիւնը: Օրուայ պատգամը փոխանցեց Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի Տոքթ. Նորա Արիսեան, որմէ ետք ներկաները դիտեցին «Հպարտութիւն որու անունն է Արցախ» խորագրեալ ժապաւէնը: Ի վերջոյ ելոյթ ունեցաւ ՀԿՄ-ի Քնար երգչախումբը կատարելով «Տղերքը որոնք չկան», «Տլէ եաման» եւ «Սարդարապատ» երգերը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի: Հսկումի երեկոյի բակումը կատարեց Գեր. Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան որ մասնաւոր ժամանած էր Դամասկոս մասնակցելու ապրիլեան յիշատակութեան միջոցառումներուն: Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ տպաւորիչ այս միջոցառումը: Յիշենք նաեւ թէ միեւնոյն ժամանակ Առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն:
|
|
Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք նահատակներու յիշատակը յարգող դամասկահայութիւնը ազգային գերեզմանատան մէջ, թափօր կազմած՝ առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբի ու մասնակցութեամբ ՀԿՄ-ի պատանեկան կազմի, գլխաւորութեամբ Դամասկոսի երեք հայ համայնքապետերու, հոգեւորական դասի ու Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանի, ուղղուեցաւ դէպի նահատակաց յուշակոթող զետեղելով ծաղկեպսակներ ու կատարելով մոմավառութիւն ի յիշատակ հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներուն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, այս առթիւ ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Տաթեւ Պասմաճեանը: Այստեղ նշենք թէ ՀԿՄ-ի երիտասարդները ինչպէս միշտ զետեղած էին ձայնային կազմածներ ու գերեզմանատան մէջ եւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն կը հնչէր Ս.Պատարագ:
Կէսօրէ ետք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Գեր. Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան մատոյց Ս. եւ Անմահ պատարագ հանդիսապետութեամբ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանի ու ներկայութեամբ Գերաշնորհ տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի առաջնորդ Դամասկոսի Հայոց թեմի: Ներկաներու կարքին էին Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը ու դեսպանատան առաջին քարտուղարները, Անարատ յղութեան քոյրերը ու համայնքի զաւակներ ու հաւատացեալներ: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Քնար» երգչախումբը: Ս. Պատարագի աւարտին հաւատացեալներու թափօրը հետեւեցաւ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին ու կատարելով եկեղեցւոյ շրջանը հաւաքուեցաւ նահատակաց յուշակոթողին առաջ ուր կատարուեցաւ հանգստեան պաշտօն:
|
Ապա ներկաները ուղղուեցան Ամինեան սրահ, ուր սկիզբ առաւ միջ-միութենական յանձնախումբի կազմակերպած ոգեկոչման հանդիսութիւնը: Սուրիոյ ազգային քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը որ համապարփակ խօսքով մը կատարեց հանդիսութեան բացումը: Գեղարուեստական բաժինով ՀԵԸ-ի պատանիներն ու երիտասարդները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը: Տիկին Անուշ Մարաշլեան ասմունքեց, իսկ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Մեղրի» պարախումբը ներկայացուց երկու պար: Հանդիսութիւնը կը վարէր Տիկին Նորա Պալեան: Օրուայ բանախօսը Տիար Արմէն Իւրնէշլեան մասնաւորապէս հրաւիրուած Լիբանանէն, ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց իր «Հայապահպանումը բե՞ռ, թէ….» խորագրով մտածումները: Գեղարուեստական բաժինը եզրափակեց «Քնար» երգչախումբը, կատարելով 3 խմբերգներ: Ի վերջոյ հանդիսութիւնը փակեց Գերաշնորհ Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Մայր հայրենիքի օրհներգի հնչիւններով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
Նոյն ծիրէն ներս, Կիրակի, 27 Ապրիլի երեկոյեան, միացեալ յանձնախումբի ու Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը
Ամինեան սրահին մէջ, «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ արաբներու դիրքորոշումը» խորագրով: Բանախօսն էր ՓրոՖ.Նիկոլայ Յովհաննիսեանը ժամանած Մայր հայրենիքէն: Ականաւոր
պատմաբանը որ թղթակից անդամ է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ու բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ, տուաւ լայն տեղեկութիւններ ու կատարեց բազմաթիւ փաստարկումներ որով կը հաստատէր արաբ ժողովուրդի ասպնջականութիւնը ու Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան փրկութիւնը ապահոված ըլլալու հանգամանքը: Ներկաներու առաջին շարքին էին Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը ու Գերաշնորհ Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Այսպիսով վերջ գտան Դամասկոսի մէջ Մեծ Եղեռնի յիշատակութեան առթիւ կազմակերպուած եկեղեցական արարողութիւնները ու ոգեկոչման միջոցառումները: