Երկուշաբթի, 14 Մայիս 2012 - Ֆրանսական դեսպանատան սեմինար Զմմառու վանքին մէջ
Զմմառ
Ուրբաթ 11 մայիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, Զմմառու վանք այցելեցին Ֆրանսական դեսպանտունէն պատուոյ հիւրեր, գլխաւորութեամբ՝ Պարոն դեսպան Բադրիք Բաուլի, Պարոն Հիւպատոսը, Ա. Խորհրդականը եւ դեսպանատան ամբողջ աշխատակազմը՝ մօտ 60 հոգի: Վանահայրը ընդունեց անոնց բարի գալուստ մաղթելով եւ անոնց առաջնորդեց վանքի հնադարեան բաժինը, խնամքով պատրաստուած, բոլոր յարմարութիւններով սրահ մը, որպէսզի սկսին իրենց գիտական նիստը: Պատուոյ հիւրեր էին նաեւ՝ նախկին նախարարներ՝ Զիատ Պարուտ եւ Շարպէլ Նահաս, որոնք եկած էին մասնակցելու տարեկան դասախօսութեանց շարքին, զոր Ֆրանսական դեսպանատունը կը կազմակերպէ ամէն տարի, այս անգամ որպէս վայր ընտրելով Զմմառու հայ վանքը: Դասախօսութեանց գլխաւոր նիւթն էր «Արդեօ՞ք Լիբանանը ունի տնտեսութիւն» եւ այլ նիւթեր դեսպանատան ներքին աշխատանքներուն մասին: Կէսօրուայ ժամը 1-ին ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ նորընծայարանի ճաշասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Ֆրանսացի խումբին եւ վանքի հասարակութեան եւ ժառանգաւորաց դասին: Ճաշկերոյթի ժամանակ խօսք առաւ վանքի մեծաւորը, որ շեշտը դրաւ Զմմառու դարաւոր վանքի կարեւոր դերին՝ ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայութեան եւ լուսաւորումին, յիշեց անոր մշակութային գանձերը եւ խնամքը, զոր կը տածեն այս գանձերուն նկատմամբ եւ մօտ ապագայի ուշագրաւ ծրագիրներու մասին: Ֆրանսայի Պարոն դեսպանն ալ խօսք առաւ և մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց այսքան սիրալիր ընդունելութեան համար: Ապա հիւրերը մեծաւոր հօր առաջնորդութեամբ այցելեցին վանքի մատենադարանը եւ գինեգործարանը: Ապա շարունակեցին դասախօսութիւնները մինչեւ ժամը 18:30: Իսկ վերջաւորութեան, վանքի գինեմառանը այցելեցին համտեսելու վանքի նոր արտադրութիւնը «Chateau De Bzommar» հրաշալի գինին:
|