Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յարուցեալին Մէջ` Ապրիլեան Նահատակներուն Հետ…

Սիրելի՛ ընթերցող, քեզի հետ մտաշխարհիս մէջ` կը գրեմ այս տողերս Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն, ուր անմահօրէն թաղուած են հանճարներ հայ հոգիին ու մտքին, եւ որուն սրբատաշ եկեղեցիին աւագ խորանին դասին մէջ յաւերժօրէն կը հանգչի «ոչնչէն աշխարհ» ստեղծած եւ տիտաններու ծնունդ տուած հիմնադիր աբբահայրը` Մխիթար Սեբաստացի (1676-1749):

Թէ՛ հանճարները, թէ՛ տիտանները, թէ՛ պարզերը, թէ՛ ծանօթները եւ թէ՛ անծանօթները` բոլորն ալ որդիներն ու հետեւորդները Մխիթար աբբահօր, ուխտեցին, գործեցին, ապրեցան ու մեռան իրենց ժողովուրդին զաւակներն ապրեցնելու եւ անմահացնելու գերագոյն հիմնահարցին համար:
Մխիթար Սեբաստացիին այդ որդիներէն ոմանք եղան նաեւ անմեղ զոհերը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, ապրիլեան նահատակները` Քրիստոսը վկայելու, հայը ապրեցնելու եւ հայկական հողը կենսաւորելու նոյն նուիրական նպատակով պարաւանդուած:

Այսպէս, սրբաշնորհ աբբահօրս շիրիմին առջեւ խոհուն եւ սրսփուն, բռնուեցայ տարօրինա՜կ այս մտածումէն, թէ հիմնադիրս, որ կեանքը տուաւ իր ազգակիցին կեանք տալու համար, իր տեսակին եւ որակին մէջ` կարապետն եղաւ հետագային հայ վկաներուն, որոնք կրեցին տաժանքն ու մահը, պարզապէս որովհետեւ հայեր էին, քրիստոնեաներ էին, հաւատարիմ քաղաքացիներ էին եւ ժիրաժիր աշխատողներ էին:

Այո՛, Մխիթար, Մխիթարեաններն ու ապրիլեանները վաստակեցան եւ վաստկեցան ապրելով ու ապրեցնելով, ինչպէս ալ մեռան յաւերժանալով եւ յաւերժացնելով:

Մխիթարի, Մխիթարեաններուն, ապրիլեաններուն, բոլոր վկաներուն եւ գաղափարապաշտներուն կռուանն եղաւ Յիսուս Քրիստոս` «անդրանիկը մեռելներուն մէջէն» (Յյտ. 1,5), որ, հայկական շարականին արտայայտութեամբ, «յարութիւն առաւ մեռելներէն, իր մահով ոտնակոխեց մահը եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց: Անո՛ր փա՜ռք յաւիտենապէս»:
Ստուգիւ, ինչպէս Յիսուս Խաչեալին մէջ ներկայ են բոլոր յիսուսական խաչեալները, նոյնպէս Քրիստոս Յարուցեալին մէջ առկայ են բոլոր քրիստոնէական յարուցեալները. «Ան Սկիզբն է, Անդրանիկը մեռելներէն» (Կող. 1,18):
Աստուածաշունչին իմաստութեամբ, Քրիստոս «առաջին պտուղն է ննջեցեալներուն», քանի անդրանիկն է իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ (Հռմ. 8,29), որոնք «պիտի վերապրին Քրիստոսով» (1Կոր. 15,20-22):
Աստուածաշունչին իմաստութեամբ, մենք «ժառանգակիցներ ենք Քրիստոսի: Քանի որ բաժնեկից ենք Անոր չարչարանքին, մասնակից պիտի ըլլանք նաեւ Անոր փառքին» (Հռմ. 8,17):

Մատենագրութեան հոգեւորութեամբ` հայերս համոզումով կը դաւանինք. «Ահաւոր եւ սքանչելի է խորհուրդը մեր փրկութեան: Հօրէն Անսկիզբը հրաշապէս մարմնացաւ Կոյսէն: Համբերելով խաչին` իր կամաւոր մահով մեզի տուաւ շնորհքը կեանքին» (հայկական ժամամուտ):
Մատենագրութեան հոգեւորութեամբ` հայերս ցնծուն գովերգով կը ձայնենք. «Դուն, որ յարութիւն առիր մեռելներէն, Պարգեւատուն ես կեանքին, ո՜վ Քրիստոս: Դուն, որ մահովդ լուծեցիր մահը, քու կենդանարար յարութեամբդ մեզի շնորհեցիր անմահութիւնը, ո՜վ անմահ Թագաւոր: Դուն, որ համբարձար երկինք, Հօր աջ կողմը կը նստիս փառքի աթոռին վրայ, ո՜վ Բան Աստուած, երկնային զուարթուններուն հետ` Քեզի կ՛երգենք նոր օրհնութիւններ, ալէլուիա՜» (հայկական շարական):

Գրականութեան հոգեկանութեամբ` ամէն մէկ նահատակ «հայը` լքուած դարերէն, բայց Յաւերժէն ընտրուած» է: Այո՛, նոյնինքն ապրիլեան նահատակ քերթողին` Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915) հայեցողութեամբ, իւրաքանչիւր մարտիրոս ոչ միայն «ցեխին մէջ նետուա՜ծ սրբութիւն» է, «սուրբ» է, այլ նաեւ «Յիսուս» մըն է «թքնուած»:

Գրականութեան հոգեկանութեամբ` պատմական Հայաստանի լեռներ ու բլուրներ դարձան «վաստակաբեկ դիակներով… Գողգոթանե՜ր, Գողգոթանե՜ր սրբազան», իսկ մեր ապրիլեան վկաները յա՜ր կը մնան «Գողգոթայի ծաղիկներ»  անմահաբո՛յր եւ յաւերժաթո՛յր (Դ. Վարուժան):
Եզրայանգումի տրամաբանութեամբ` կը մէջբերեմ, թէ «Արարատին վրայ խաչուած Յիսուս» Քրիստոս` Խորհրդանիշը հայարիւն «Գողգոթաներ»-ու վրայ «մորթուած արշալոյսներ»-ուն եւ միակ Արդարն էր, որ «աղաղակեց յաւիտենական ճիչը… Աղաղակը, որ յա՜ր պիտի արձագանգէ, յաւերժօրէն մի՛շտ: Աղաղակը, որ պիտի չշիջանի, յաւերժօրէն երբե՛ք» (Շարլ Փեկի):

Այս մշտահունչ «աղաղակ»-ով պարտինք ամրապնդուիլ եւ ամրապնդել, թէ «Նո՛ր արշալոյս կը պոռթկայ նահատակներուն շիրիմէն» (Դ. Վարուժան):
Այս մշտահունչ «աղաղակ»-ով պարտինք  «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» ճշմարտութեան իրագործումն ու արդարութեան հատուցումը…
Այս մշտահունչ «աղաղակ»-ով պարտինք սորվիլ եւ սորվեցնել յայտնել «շնորհակալութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ կու տայ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով» (1 Կոր. 15,56):

Այս մշտահունչ «աղաղակ»-ով պարտինք համոզուիլ եւ համոզել, թէ Յարուցեալին մէջ յաւիտենական երթը կ՛ընթանանք ապրիլեան նահատակներուն հետ:
 
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Ս. Ղազար – Վենետիկ,
21 ապրիլ 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ