Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015 - Մեծ Եղեռնի 100 ամեակի սուրբ Պատարագ եւ թափօր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մէջ

 

 

Պէյրութ

 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը՝  26 ապրիլ  2015, կիրակի երեկոյեան ժամը 5-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջաբակին մէջ (ժէիթաուի) մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։  Սուրբ Պատարագը մատուցանեց եւ քարոզեց արհիապատիւ հայր Գէորգ արքեպիսկոպոս Խազումեան՝ վաստակաւոր առաջնորդական օգնականը Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին,  առընթերակայութեամբ Զմմառու Նորընծայարանի փոխտեսուչ գերապատիւ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի եւ Զմմառու վանքի մատակարար գերապատիւ հայր Եղիա վրդ. Դերձակեանի: Սուրբ Պատարագին սպասաւորութիւնը կատարեցին Զմմառու զոյգ ընծայարաններու ժառանգաւորները, երգեցողութիւնը՝ կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը  ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, մենակատարութեամբ Միրէյ Քիւթիւքճեանի, երգեհոնի վրայ՝ Ժան Փիէր Աստիքեան:

Սուրբ Պատարագին մասնակցեցաւ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան վաստակաւոր առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին եւ գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թծվ Մուրատեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետներ, հոգեւորականներ եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրեր: Ներկայ հաւատացեալ հասարակութեան առաջին շարքերուն վրայ կը նշմարուէր ներկայութիւնը  Հայ Աւետարական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ վերապատուելի Ռաֆի Մսրլեանի,  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, ՀՀ հիւպատոսի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքական դէմքերու, հայկական կուսակցութեանց, միութիւններու ներկայացուցիչներու։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնները, վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչակազմերը, Աղքատախնամ Միութիւնները, պատանեկանները եւ սկաուտական խումբերը, ինչպէս նաեւ ՀԿՄի շեփորախումբը:

Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, արհիապատիւ Խազումեան շեշտեց նահատակութեան վրայ եւ արժեւորելով Վատիկանի եւ Էջմիածնի մեծ հանդիսութիւնները, խրախուսեց հհաւատացեալները աւատարիմ մնալ մեր նահատակաց կտակին:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, աւանդութեան համաձայն, ներկայ ժողովուրդը՝  առաջնորդութեամբ պատարագիչ արքեպիսկոպոս Հօր եւ հոգեւորականներու դասին,  ՀԿՄի շեփորախումբին հնչեցուցած ազգային հայրենասիրական եղանակներու կշռոյթով թափօր կազմած՝ ուղղուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր տեղի ունեցաւ  Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողին վրայ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն եւ աղօթք:

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշանակին նուիրուած հոգեպարար արարողութիւնները աւարտեցան ներկայ ժողովուրդին կողմէ միաբերան բարձրացուած Տէրունական Աղօթքով։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ