Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2012 - Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդին հանդիպումը Եգիպտոսի Ալ Ազհարի կրօնապետին Հետ
Գահիրէ
Երկուշաբթի, 28 մայիս 2012-ին, Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան այցելութիւն մը կատարեց Եգիպտոսի Ալ Ազհարի կրօնապետ՝ Շէյխ Ահմէտ Էլ Թայէպին։ Հանդիպումին ընթացքին երկու կրօնապետերը քննարկեցին յատկապէս Ալ Ազհարի վաւերաթուղթին եւ Եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւններուն հետ առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի ու Սուրբ Երկրին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը։
Այս առթիւ արհի. Գուսան մաղթեց որ երկու միաստուածեան կրօններու՝ Սուրբ Աթոռի եւ Ալ Ազհարի միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւնները վերահաստատուին եւ քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու միջեւ բարի յարաբերութիւնները վերստին ամրապնդուին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շէյխ Ահմէտ Ալ Թայէպին, որ իր ներկայացուցիչը՝ Տոքթ. Մահմուտ Ազապը ղրկած էր քրիստոնեաներուն մեծ տօնին՝ Փրկչին Յարութեան տօնին առթիւ մատուցուած սուրբ Պատարագին։ Գերապայծառ Գուսան նաեւ յանձնեց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին նուէրը Ալ Ազհարի կրօնապետին, եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ անունով հրաւիրեց զինք այցելելու Զմմառու պատմական վանքը Լիբանանի մէջ։
Իսկ կաթողիկէ հայոց առաջնորդը իր կողմէ՝ կրօնապետին նուիրեց երկու հատորներ, մին՝ «Հայոց պատմութիւնը» վերտառութեամբ, որուն հեղինակն է Ժորժ Պուրունեան, իսկ երկրորդը՝ Յարութ Սասունեանի «Մեծ Եղեռնի» մասին հատորը։ Ահմէտ Ալ Թայէպի ուշադրութիւնը գրաւեց 1917-ին՝ Մէքքայի կրօնապետ՝ Ալ Հուսէյն Պէն Ալիի հրամանագիրը հայերու պաշտպանութեան գծով։ Հանդիպման աւարտին երկու կրօնապետերը մաղթեցին, որ միասնաբար գործեն ի խնդիր Եգիպտոսի բարգաւաճումին։
|