Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2011 - Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մասին դասախօսութիւն Պէյրութի USJ համալսարանին մէջ
Պէյրութ
Երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2011, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի սուրբ Յովսէփ համալսարանին մէջ (USJ) տեղի ունեցաւ երկու բանախօսութիւններ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մասին։ Բանախօսութիւնները ներկայացուցին տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան եւ պարոն Կրէկուար Գալուստ։
Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան նախ անդրադարձաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմական ծագումին, քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան համար անոր մղած պայքարին եւ դարերու ընթացքին դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրներուն մասին: Տէր Րաֆֆի նշեց նոյնպէս հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բեղուն գործունէութիւնը հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային եւ ազգային մարզերուն մէջ եւ անոր մշակած յարաբերութիւնները այլ Եկեղեցիներու հետ։
Ապա պարոն Կրէկուար Գալուստ խօսեցաւ աշխարհականներու նշմարելի ներդրումին մասին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եւ յայտնեց անոնց կարեւոր դերը Եկեղեցւոյ մէջ մեկնելով Վատիկանի երկրորդ համաժողովի որոշումներէն եւ առաջադրանքներէն: Ան պարզեց կղերականներուն եւ աշխարհականներուն կեցուածքը աղանդներէն եւ հերետիկոսութիւններէն: Անդրադարձաւ նաեւ պատրիարքական առաջին ու երկրորդ համագումարներուն մասին (մայիս 1997 եւ Օգոստոս 2003), եւ ակնյայտ բերաւ երիտասարդներու հիմնական դերակատարութիւնը հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, գործնական առաջարկներ ներկայացնելով կասեցնելու համար անոնց արտագաղթի հոսանքը: Բանախօսութեան աւարտին ան ներկայացուց ապագայի համար զանազան հեռատեսութիւններ։
|