Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2011 - Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն` հայր Ռաֆայէլ թ. ծ. վրդ. Մինասեանի


Պէյրութ, Լիբանան

Շաբաթ, 16 յուլիս 2011, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ գերյ. Ռաֆայէլ  թ. ծ. վրդ. Մինասեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը, ձեռամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոցի։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ասորի կաթողիկէ պատրիարք՝  Ըղնաթիոս Եուսըֆ Գ. Եունան, կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի, կարտինալ Ռէնաթօ Ռաֆայէլ Մարթինօ, Լիբանանի պապական նուիրակ՝ Կապրիէլէ Քաչիա , Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Երուսաղէմի՝ Թորգոմ պատրիարք Մանուկեանի ներկայացուցիչ՝ գերշ. Նուրհան եպս. Մանուկեան, Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ գերշ. Նարեկ եպս. Ալեմէզեան, Պշարա Րաաի Մարոնիթ Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Երուսաղէմի Սայահ մարոնիթ եպիսկոպոսը, հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, զանազան համայնքներու առաջնորդներ ու հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան քոյրեր, պաշտօնական ու պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ նորօծ եպիսկոպոսին հարազատները եւ հաւատացեալները։

Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ առընթերակայ եղան արհի. Նշան արք. Գարաքէհէեան եւ արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեան։ Խարտաւիլակութիւնը կատարեց գերյ. Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան։

Հոգեւոր տէրը սրբալոյս միւռոնով օծելէ ետք Ռաֆայէլ եպիսկոպոսի ճակատն ու աջ ձեռքին բթամատը, եպիսկոպոսական գաւազանն ու մատանին փոխանցեց եւ նշանակեց զինք տիտղոսաւոր արքեպիոկոպոս Կեսարիոյ առաջնորդ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ։

Քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը ղեկավարութեանբ՝ տոքթ. Եդուարդ Թորիկեանի։ «Ողջոյնի»ի պահուն, հայ թէ օտար հոգեւորականները եւ հաւատացեալ հօծ ժողովուրդը ստացան նորօծ եպիսկոպոսին ողջոյնն ու առաջին օրհնութիւնները՝ անոր յայտնելով իրենց աղօթական սրտագին բարեմաղթութիւնները։

Արարողութեան ընթացքին պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց հայր Ռաֆայէլի նշանակման գծով Բենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետի կոնդակը:
Արարողութեան աւարտին նորօք ձեռնադրեալ արքեպիսկոպոսը տուաւ իր անդրանիկ պատգամը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուած են զինք: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Աստուծոյ, որ արժանի նկատեց զինք սոյն բարձր կոչումին եւ քրիստոնեայ ստեղծելով զինք բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ դրաւ:
«Հպարտ եմ իմ ինքնութեամբս եւ պատկանելիութեամբս», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան պապին` խոստանալով հաւատարիմ մնալ ընդհանրական Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան, որմէ ստացած մտքի, սրտի եւ հոգիի կերտումին շնորհիւ կը գտնուէր ուր որ է հիմա: «Զմմառու Արծիւեան միաբանութիւնը, երկար դարերու ընթացքին, ի հեճուկս կեանքի անողորմ դժուարութիւններուն, սովին եւ զրկանքին կը շարունակէ անվերապահօրէն ծառայել հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան` աւելցնելով, որ միաբանութիւնը հալածուած եւ նահատակուած է հայ ազգի ճակատագիրին հետ միասին` սրբութեան խորանին հասցնելով սուրբեր եւ անհամար սրբակենցաղ հայ կղերականներ:
«Այս միաբանութեան զաւակն եմ եւ այս միաբանութեան հոգիով ծառայեցի ու պիտի ծառայեմ հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքիս զաւակներուն», եզրափակեց գերպծ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան:
Արարողութեան ընթացքին իր շնորհաւորութեան խօսքը արտասանեց նաեւ Վատիկանի մէջ արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:

Սուրբ Պատարագէն ետք, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը պաշտօնական ճաշկերոյթով մը «Լըօ Պրիսթոլ» պանթոկին մէջ պատուեց նորօծ գերպծ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը, բարձրաստիճան եկեղեցական եւ պաշտօնական հիւրերը։

Իսկ կիրակի, 17 յուլիսին, գերապայծառ Մինասեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն ետք իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կայքէջի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ նորօծ արքեպիսկոպոս հայրը եւ անոր կը մաղթէ բարի եւ բեղուն առաքելութիւն, ի պայծառացումն հայ եկեղեցւոյ եւ Հայսատան աշխարհի։
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ