Ուրբաթ, 30 Մայիս 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պերտրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը Շորհաւորէ Լիբանանի Նախագահ Զօր. Սլէյմանը

Լիբանան

Ուրբաթ 30 Մայիս 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի նորընտիր նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց զօր. Սլէյմանի նախագահական ընտրութիւնը:
Այս առիթով, Հոգեւոր Տէրը գրաւոր նամակի մէջ շնորհաւորած էր նախագահը եւ Լիբանանի ժողովուրդը, յուսալով անոր հետ գործակցաբար, երկիրը բարգաւաճի եւ յառաջդիմէ խաղաղ պայմաններու մէջ, աղօթելով որ Ամենաբարին Աստուած իմաստութիւն, կորով և համբերութիւն պարգեւէ նախագահին, որպէսզի Լիբանանը անոր ձեռնհասութեամբ ալ աւելի ամրապնդուի և անսասան դառնայ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց Իր զօրակցութիւնը նախագահին, յուսալով որ ան պիտի կարենայ դիմագրաւել իր ստանձնած պատասխանատու մարտահրաւէրները մեծ յաջողութեամբ:

Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ