Զմմառ, Լիբանան
Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի՝ Շաբաթ, 4 Օգոստոս 2007ին, Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան դարաւոր Վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հ. Էմմանուէլ Ծ.Վ. Տապպաղեանի Եպիսկոպոսական օծումը: Սրբբազան արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Եպիստոպոսաց դասը, քահանաները, սարկաւագները, կիսասարկաւագներն ու դպիրները որոնք դարձեալ կը սպասաւորէին սոյն արարողութեան: Ներկայ էին պետական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալին ազգականներն ու բարեկամները:
Արարողութեան ընթացքին, Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան կարդաց Հայրապետական կոնդակը շնորհուած Գերյ. Տէր Էմմանուէլ Ծ.Վ. Տապպաղեանի, որուն մէջ Հոգեւոր Տէրը կը շեշտէ ընտրեալին կարեւոր դերը Պաղտատի մեր ժողովուրդին, «...մեր Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը, գումարուած Պէյրութ Պատրիարքական յարկին տակ, 4էն 13 Սեպտեմբեր 2006ին, իրազեկ ըլլալով Պաղտատի թեմի ներկայ պահանջներուն` հոգեւոր, հովուական, կրթական, մշակութային եւ ազգային մարզերուն մէջ եւ տեղեակ ձեր հովուական փորձառութեան ու առաքելական նուիրումին, ձեզ ընտրեց Առաջնորդ Պաղտատի Թեմին»:
Իր պատգամին մէջ` Հ. Էմմանուէլ Եպս. Տապպաղեան շնորհակալական ու երախտագիտական խօսքեր բարձրացուց Ամենասուրբ Երրորդութեան որ այս տարիքէն ետք զինք արժանի կը տեսնէ առաքելութեան ղրկելու Պաղտատի հայ ազգի զաւակներուն:
Ստորեւ կը թուենք Հ. Էմմանուէլ Եպս. Տապպաղեանի զանազան առաքելավայրերը:
Այնճարի Աղաճանեան Սանուց Տուն (11 տարի)
Զմմառի Ընծայարանի տեսուչ (6 տարի)
Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ
Հալէպի փոքր ընծայարանի տեսուչ
Ժողովրդապետ Վրաստանի Սուխլիսի ու Թիֆլիսի Հայ Կաթողիկէ համայնքներուն