Պքերքէ, Լիբանան
Երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու համաժողովին բացումը, որ պիտի ընթանայ մինչեւ հինգշաբթի օր՝ 17 նոյեմբերին, եւ պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսէն («Ընկերութիւն եւ Վկայութիւն» խորագրով) յառաջացած առաջադրանքներուն գործադրումը, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն եւ շրջանի քրիստոնեաներու յուզող հարցերուն եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։