Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2010 - Վարդանանց տօնակատարութիւն «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ

Պէյրութ, ԼԻբանան

Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախագահութեամբ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն։
v45646

Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչ միութիւններուն անունով արտասանեց Սագօ Սէօքիւնեան, որ նշեց, թէ Վարդանանց պատերազմին ընթացքին հայոց բանակը քաջաբար մղեց պատերազմը՝ բարձր պահելով հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։ Սէօքիւնեան ըսաւ, թէ այսօր եւս հայութիւնը ունի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, այնքան ատեն որ ոճրագործ թուրքը կ՚ուրանայ եւ չի վերադարձներ մեր իրաւունքները։ Ան հաստատեց, թէ Վարդանանց հերոսամարտը հայ ժողովուրդի պատմութեան զոհաբերութեան մեծագոյն դասն է։

Վարդանանց տօնակատարութեան բանախօսն էր Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, որ ըսաւ, թէ Վարդանանց պատերազմի հերոսները կը հաւատային, թէ գիտակից մահը անմահութեան ուղիին առաջնորդող անցքն է, եւ այդ հաւատքին հետեւելով անոնք նահատակուեցան։

Ան նշեց, որ հայութիւնը այսօր լաւապէս պէտք է իմանայ այսօրուան Յազկերտին սպառնալիքները, որպէսզի որդեգրէ համապատասխան կեցուածքներ։ Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան աւելցուց, թէ վարդանները մեզ կը փոխանցեն միասնականութեան պատգամը՝ հեռու մնալով այն բոլո՛ր երեւոյթներէն, որոնք վնաս կը հասցնեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ։

Ան հաստատեց, թէ նոր սերունդները կը գոյատեւեն, երբ Վարդանը կը շարունակէ ապրիլ, եւ երբ մենք կը գիտնանք արժեւորել իմացեալ մահու գաղափարը։

v65758
Վարդանանց
տօնակատարութեան գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Բլբուլ» երգչախումբը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը, ինչպէս նաեւ անհատներ, որոնք երգերով, արտասանութիւններով, նուագներով ու պարով արժեւորեցին Վարդանանց պատերազմը եւ ուխտեցին շարունակել Վարդանի ուղին։

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, որ յայտնեց, թէ հայութեան դարաւոր թշնամին ուզեց խլել հայութեան հաւատքը, բայց չյաջողեցաւ։ Ան ըսաւ, թէ հետագային հայութիւնը անգամ մը եւս նոյն վտանգին դէմ յանդիման գտնուեցաւ, երբ Թալէաթի արդար փամփուշտով պաշտպանեց իր պատիւն ու պարծանքը։ Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան հաստատեց, թէ այնքան ատեն որ Վարդանանց տօնակատարութիւնները կը կազմակերպուին, ապա հայութիւնը պիտի գոյատեւէ։

                                                                               Վարդանանց տօնակատարութիւնը փակուեցաւ պահպանիչով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ