Երեւան
20 սեպտեմբերին «Ալ. Սպենդիարեան»ի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովի վերջին լիագումար նիստը, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ սոյն համաժողովին, բարձրաստիճան հոգեւոր, պետական եւ ազգային անձաւորութիւններու կողքին:
Հանրապետութեան նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը կրկին իր յարկին տակ ընդունեց աշխարհասփիւռ մեր գործիչներուն Հայաստան-սփիւռք համաժողովը: Սրտանց կ՛ողջունեմ բոլորդ մայր հայրենիքին մէջ»:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հանրապետութեան նախագահը նշեց. «2015-ին ազգովին պիտի ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: 2015 թուականը քաղաքական լուրջ նախաձեռնութիւններու եւ ձեռքբերումներու տարի պէտք է դառնայ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան համար»:
Սուրիայէն ներգաղթած սուրիահայերուն մասին խօսելով հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ «անոնք Եղեռնը վերապրած մեր նախնիներուն բեկորներն են, որոնք, սփռուելով աշխարհով մէկ, կրցան պահպանել ազգային դիմագիծն ու հայկականութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւելցնելով ըսաւ. «Ցաւօք սրտի, շրջանային հակամարտութիւնները հետզհետէ կ'աւելնան, եւ մեր գերնպատակը պէտք է ըլլայ աշխարհի որեւէ ծայրը փորձութեան մէջ յայտնուած իւրաքանչիւր հայու ցաւին ու տառապանքին արձագանգելը` անկախ աշխարհագրական հեռաւորութենէ, միասնական ուժերով անոնց օգնելն ու սատարելը»:
Աւարտելով խօսքը` նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին առիթով եւ կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն անընդհատ ամրացնելու կապը հայրենիքին հետ: