|
Շաբաթ, 1 Յուլիս 2006 - Քահանայական Ձեռնադրութիւն - Ի Տօնի Գիւտ Նշխարաց Սրբոյն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր, Արհիապատիւ երապայծառ Տիարք Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ եւ արժանապատիւ Տէր Հայր Նորօծեալ Տէր Կարապետ Առաքինափայլ Քոյրեր Հանգամաւոր անձնաւորութիւններ, Պատուարժան հաւատացեալներ եւ յատուկէն՝ Թադէոսեան ընտանիքի հարազատներ,
Վերահաստատելով Հայ Եկեղեցւոյ յարգելի հինաւուրց աւանդութիւնը, 2 տարի առաջ քահանայական կարգը տուի երկու ամուսնացեալ տիրացուներուն: Ուրիշ թեմերուն մէջ ալ տեղի ունեցան Տէր Հայրերու ձեռնադրութիւններ:
Եթէ երկար ատեն մեր եկեղեցին չէ քաջալերած ամուսնացեալ քահանաներու դրութիւնը վեր առնելու համար կուսակրօնութեան վսեմ վիճակը, այսուհանդերձ կը պահենք բարի յիշատակը բազմաթիւ ամուսնացեալ եկեղեցականներու՝ սկսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիրը, որուն Գիւտ Նշխարաց տօնը կը կատարենք այսօր, անցնելով նահատակ Երանելի Տէր Կոմիտասէն մինչեւ մեր օրերը, որոնք դարերու ընթացքին իրենց նուիրումով ու եռանդով պատիւ բերին Կղերական դասին: Քահանայական օծումը եւ խորհուրդը նոյնն է, կուսակրօն կամ ամուսնացեալ վիճակն է որ կը տարբերի: Գիտենք թէ Քրիստոս ամէն վիճակէն մարդ կ’ընտրէ Իր կամքին համաձայն: Որովհետեւ քահանայական կոչումը մարդկային չէ, այլ աստուածային է: Արդարեւ, Յիսուս ըսաւ իր առաքեալներուն. «Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէսզի երթաք եւ պտուղ տաք, եւ ձեր պտուղը մնայ, եւ ինչ որ խնդրէք Հօրմէն Իմ անունովս՝ տայ ձեզի» (Յովհ. ԺԵ. 16):
Իր Թուղթ Ընդհանրականին մէջ, նոյն իմաստով կ’արտայայտուի քահանաներուն Ս. Ներսէս Շնորհալի, երբ կ’ըսէ. «Այս ալ իմացէ՛ք, ձեր քահանայութեան անուանակոչումը մարդոցմէ չէ, ոչ ալ մարդու միջոցաւ, այլ՝ Անկէ որ կոչուեցաւ Քահանայ, Մելքիսեդեկի կարգի համաձայն, որ Ինքն իսկ ճշմարիտ Քահանայ է, Քահանայապետ եւ Պատարագ Հայր Աստուծոյ: Ան ձեզի տուաւ իր անուան կոչումը՝ միաժամանակ յանձնարարեց ձեզի իր գործը՝ հովուել իր ժողովուրդը, միշտ բարի գործեր սորվեցնել եւ բարի օրինակ հանդիսանալ բոլորին»:
Իր այցելութեան ընթացքին Լեհաստան անցեալ ամիս, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետը հետեւեալ խօսքերը ուղղեց քահանաներուն. «Քահանայէն կը պահանջուի որ փորձառու ըլլայ օգնելու մարդոց իրենց յարաբերութեանց մէջ Աստուծոյ հետ», այսինքն քահանան միջոցներ պէտք է հնարէ ամէն մարդ Աստուծոյ մօտեցնելու համար, որովհետեւ լոյսը, իմաստութիւնը եւ փրկութիւնը Աստուծմէ են: «Կը պահանջուի նաեւ քահանայէն, կը շարունակէ Սրբ. Պապը, որ հմուտ ըլլայ հոգեւոր կեանքին մէջ եւ ոչ թէ մասնագէտ՝ առուտուրի կամ քաղաքական հարցերուն մէջ: Հարկաւոր չէ քահանային համար որ ծանօթութիւն ունենայ վերջին բոլոր լուրերուն եւ արդիական գիւտերուն: Ինչ որ հաւատացեալները կը սպասեն քահանայէն՝ որ ըլլայ վկայ Աստուծոյ ողորմութեան, վկայ քրիստոնէական իմաստութեան, վկայ Ս. Աւետարանին: Իրեն կ’իյնայ խնամել իր հոգեւոր կեանքը, մանաւանդ աղօթքի պահերը: Արդարեւ, քահանայի՝ թէ իր կեանքին թէ իր յաջող առաքելութեան համար՝ աղօթքը հիմնաքարն է: Անով, իր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ պիտի ըլլայ ջերմ եւ յարատեւ: Աղօթքը աւիշն է քահանայի կեանքին: Քահանան կ’աճի զգացական հաւասարակշռութեան եւ մարդկային հասունութեան մէջ, երբ անոր սիրտը կապուած ըլլայ Աստուծոյ հետ: Քրիստոս պէտք ունի այնպիսի քահանաներուն, որոնք հասուն ըլլան, արիասիրտ ըլլան եւ կարող ըլլան կիրարկելու մարդոց համար ճշմարիտ հոգեւոր հայրութիւնը» կ’ըսէ Սրբ. Պապը:
Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, զոր քահանան կը մատուցանէ ամէն օր, պարտի ըլլալ կենսական կեդրոնը, աղբիւրը եւ հիմը անոր բոլոր գործունէութիւններուն: Քահանային աշխատանքը արդիւնաբեր պիտի ըլլայ երբ ան ըլլայ ուրիշ Քրիստոս մը, միակը, որ կարող է լուսաւորել եւ ուղղել ամէն մարդ: Աւելցնենք նաեւ, որ այսօր աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է քահանային հովուական յաջող գործին համար ունենալ հաստատուն զարգացում, առընթեր իր ամբարած աստուածաբանական եւ Սուրբ րային գիտութիւններուն: Ան պարտի նաեւ խորանալ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ իմանալ եւ գործադրել Ս. Աթոռին, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսներուն եւ տեղւոյն Առաջնորդին ուղղութիւնները: Բայց ամէն բանէ աւելի, ան պարտի ճանչնալ Յիսուսը անձնական ձեւով՝ իրեն մտիկ ընելով, իրեն հետ ապրիլ Ս. իրքը կարդալով՝ ոչ թէ դասական ձեւով այլ հոգեւոր մօտեցումով: Այսպէս պիտի սորվի լսել Յիսուսը ու Անոր հետ խօսակցիլ: Այս առումով, Ս. Գիրքի ընթերցումը կը դառնայ աղօթք: Աւետարանիչները կը պատմեն թէ Յիսուս յաճախ գիշերներ ամբողջ առանձին լեռ կը քաշուէր աղօթելու համար: Քահանան եւս պէտք ունի այս աղօթքի առանձնութեան պահերու, որպէսզի մշակէ Յիսուսին հետ անձնական բարեկամութիւն: Այս կերպով է որ պիտի կարենայ համոզիչ ձեւով քարոզել մարդոց Քրիստոսը եւ Ս. Աւետարանը : Ուստի, քահանան պարտի ըլլալ նախ եւ առաջ աղօթքի մարդ:
Քահանան պէտք է ըլլայ փափկասիրտ այրիին, որբին, բանտարկեալին, աղքատին, տկարին եւ հիւանդին հանդէպ, ինչպէս նաեւ՝ տառապեալ եւ յուսալքուած անձերուն, որոնց պէտք է ցուցաբերել յարգանք ու գուրգուրանք, անոնց օգնութեան հասնիլ եւ իրենց ցաւերը ամոքել: Բոլորին հանդէպ, քահանան պիտի ըլլայ հայր, դաստիարակ եւ մխիթարիչ:
Քահանայի կեանքին բարի օրինակներն պիտի ըլլան Սուրբերն ու Երանելիները, որոնք անպակաս են Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ նման անոնց՝ իր բոլոր կարողութիւնները ի գործ պիտի դնէ Աստուծոյ արքայութիւնը տարածելու, յատկապէս հայազգի զաւակներուն մօտ: Բոլորէն աւելի, ան պիտի սնուցանէ որդիական անկեղծ բարեպաշտութիւն Աստուածամօր հանդէպ: Սուրբ Կոյսը, որպէս քահանային մայրը, պիտի օգնէ իրեն, որպէսզի աճի սիրով հանդէպ Քրիստոսի եւ Ս. Եկեղեցւոյ ու յառաջդիմէ յարատեւօրէն դէպի սրբութիւն՝ որ է գագաթնակէտը թէ քահանայի եւ թէ ամէն մարդու փափաքին:
Քահանային կարեւորագոյն մտահոգութիւններէն մին պիտի ըլլայ քահանայական կոչումներուն հարցը, որովհետեւ մեր Եկեղեցւոյ կարիքները բազմաթիւ են իսկ մշակները սակասաթիւ են: Այս պարտականութիւնը կը հայի նաեւ համայն քրիստոնեայ հասարակութեան եւ յատուկէն ձեզի՝ ներկայ հաւատաւորներուդ: Աղօթեց՛էք յարատեւօրէն կոչումներուն համար, Յիսուս Քրիստոսի պատուէրին համաձայն, որ ըսաւ՝ «աղաչեցէք հունձքի Տիրոջ որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (Մատթ. 9,37):
Վերջապէս, Ս. Պօղոսին յորդորին հետեւելով, ամուսնացեալ քահանան պարտի իր տունը լաւ կառավարել, որպէսզի կարենայ լաւապէս հովուել իրեն յանձնուած հօտը, ապահով ըլլալով որ իր կոչումին շնորհքը պիտի ճառագայթէ իր հարազատներուն վրայ: Այս գործին մէջ, երէցկինը յատուկ դեր ունի:
Կը փակեմ խօսքս խնդրելով բոլորէդ որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք միշտ ձեր հոգեւոր հովիւները, եւ յատուկ կերպով Նորօծեալ քահանան՝ Տէր Կարապետը եւ անոր ընտանիքը, որպէսզի Յիսուսի Սրտին համաձայն արդիւնաշատ առաքելութիւն կատարէ: Թող Երանելի Կոմիտասը հովանաւորէ զինք, բարեխօս ըլլայ իրեն եւ սրբութեան հասցնէ: Ամէն:
|