Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2009 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կը Դատապարտէ Լիբանանեան Բանակին Դէմ Գործուած Ոճրային Արարքը

Լիբանան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Կիրակի առաւօտեան, Ռայաքի մէջ, լիբանանեան բանակը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական յարձակումը:

Այս ոճրային արարքը թիրախ կը դարձնէ Լիբանանեան բանակը, որ միշտ զօրավիգ կանգնած է Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովութեան: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կը հաստատէ, թէ այս վայրագ ոճիրը պիտի չխախտէ մեր բոլորին հաւատքը այս զինուորական հաստատութեան նկատմամբ՝ շեշտելով, որ լիբանանեան բանակը իր քաջարի զինուորներով կը մնայ երկրի պաշտպանութեան եւ անկախութեան վահանը:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ անմեղ զոհերու ընտանիքներուն՝ աղօթելով առ Աստուած, որ յանուն ազատութեան զոհուած նահատակներու հոգիները ընդունուին երկինքի արքայութեան մէջ:

Միւս կողմէ՝ պատրիարքութիւնը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի ժողովրդավարութեան՝ քաջալերելով իր զաւակները կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը, մասնակցելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն՝ շեշտելով, թէ պատրիարքութիւնը հաւասար հեռաւորութեան վրայ կը մնայ բոլոր թեկնածուներէն եւ մշտապէս կը գնահատէ բոլոր քաղաքական տեսակէտները, որոնք կը ծառայեն համայնական շահերուն, երկրի բարգաւաճման եւ ժողովուրդի բարօրութեան:

Այս առիթով, պատրիարքութիւնը կ'ուզէ թեմական բոլոր հաստատութիւնները հեռու պահել ընտրական պայքարէ բոլոր առիթներուն՝ շեշտելով, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը՝ Ապրիլ 24-ը համահայկական եւ ազգային օր է, հեռու՝ քաղաքական եւ ընտրական պայմաններէ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ