Պէյրութ
Կիրակի, 7 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին նախագահութեամբ մատուցուած նախ գոհաբանական սուրբ Պատարագով, ապա նաեւ հոգեւոր եւ դասական համերգով մը նշուեցաւ երկու հայ կաթողիկէ վաստակաշատ հոգեւորականներու՝ Արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանի եւ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանի քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակը:
Հայ կաթողիկէ երեւելի անձնաւորութիւններ եւ համայնքի զաւակներ, եկած էին միանալու երկու հոգեւորականներուն կողմէ մատուցուած գոհաբանական սուրբ Պատարագին, որպէսզի իրենց կարգին աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին գերապայծառ Պաթագեանին եւ գերյարգելի Կռանեանին նման հոգեւորականներ պարգեւած ըլլալուն համար։ Անոնց օրինակը վարակիչ տեսնելու մաղթանք մըն էր ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը:
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԽՕՍՔԸ:
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկրի խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն».
Աստուծոյ հազար փառք պէտք է տանք, որ 60 տարի առաջ քահանայական կեանքի ձեզ կոչեց եւ ձեզի յանձնեց քահանայական կարգը, շարունակելու համար Յիսուսին առաքելութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ, որ է՝ անոնց աւետել բարի լուրը, սուրբ Աւետարանը, մեր կեանքին փրկութեան ուղեցոյցը՝ անոնց քարոզելով երկինքին ճամբան խօսքով, բայց մանաւանդ՝ ձեր բարի օրինակով եւ կեանքի վկայութեամբ:
Ամէն ատեն Հայր Աստուած կը կոչէ երիտասարդներ ինչպէս նաեւ նուազ երիտասարդներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, որովհետեւ, «հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ» (Մտթ 9, 37) են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ:
Իսկապէս, եթէ աչք մը նետենք մեր համայնքի զանազան առաքելավայրերուն վրայ, կը նշմարենք որ կարիքները շատ շատ են, եւ հովիւները՝ անբաւարար: Այսպէս, Մայր Հայաստան, բայց մանաւանդ՝ Ռուսաստան, ուր մօտաւորապէս 300000 հայ կաթողիկէ ժողովուրդ ունինք, ցրուած զանազան քաղաքներուն մէջ:
Նոյնպէս, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերը, սուր կարիք ունին վարդապետներու՝ թափուր մնացած ժողովրդապետութիւններուն հետեւանքով:
Աստուած միշտ հաւատարիմ է եւ մեզ շատ կը սիրէ: Բաւ է որ ընտանիքներէն ներս տիրէ քրիստոնեայ ոգին՝ թէ՚ խօսքով եւ թէ գործով, եւ ծնողքը արգելք չհանդիսանան իրենց զաւակներուն կոչումին եւ կոչումները պիտի վխտան:
Պէտք է նաեւ յատուկ կերպով աղօթել կոչումներուն համար, ըստ Յիսուսի խօսքին, որ ըսաւ. «Աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին» (Մտթ 9, 38):
Արդեօք, դուք ժամանակ կը տրամադրէ՞ք երբեմն երբեմն աղօթելու կոչումներուն համար: Պէտք է ըսել թէ, քիչ անգամ Յիսուս բացայայտօրէն մեզմէ կը խնդրէ որ աղօթենք. ան ալ՝ քահանայական կոչումներուն համար:
Պէտք է նաեւ աղօթել, որպէսզի կոչուած երիտասարդները յարատեւեն իրենց կոչման մէջ:
Այդպէս եղաւ Պաթագեան Գերապայծառին եւ Գերյարգելի Կռանեան Ծայրագոյն Վարդապետին, որոնք 60 տարի հաւատարիմ մնացին Աստուծոյ կոչին եւ հոգւով սրտով աշխատեցան առանց ձանձրանալու կամ յուսահատելու դժուարութիւններուն եւ անհասկացողութիւններուն դիմաց: Ոչ իսկ յառաջացած տարիքը, իրենց արգելք հանդիսացաւ շարունակելու իրենց առաքելական գործը՝ հոգեւոր, ծիսական, ուսումնասիրական, երաժշտական եւ այլ մարզերուն մէջ:
85 տարեկան հասակը բոլորելով հանդերձ, անոնք օրնիբուն նուիրումով կը գործեն, անտեսելով նոյնիսկ իրենց արդար հանգիստը, այն աստիճան, որ շատեր չեն վարանիր իրենցմէ այլեւայլ ծառայութիւններ խնդրելու, որոնցմէ մին՝ նուաստ անձս եւ որուն համար, իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ: Կեանքի փառքը չփնտռող, նիւթականի կապուած չըլլալով, անոնց կեանքին բնաբանը դարձաւ՝ ծառայել, ծառայել ու ծառայել: Յիրաւի, օրինակելի եւ այսպիսի նուիրեալ հոգիներ են անոնք:
Աստուած անոնց նմանները շատցնէ: Իսկ անոնց ձգած ճոխ արգասիքը, Աստուած միայն գիտէ: Ան է որ զիրենք պիտի հատուցանէ աստուածային կերպով: Ասոր համար, սիրելիներ, մենք ամէնքս բարձրաձայն գոչենք՝
շատ սիրելի Գերապայծառ Պաթագեան եւ շատ սիրելի Գերյարգելի Կռանեան
Աստուած ձեզի վարձահատոյց ըլլայ:
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը ձեզի հովանի ըլլայ:
Կեցցէ՛ Արհի. Գերապայծառ Պաթագեանը.
Կեցցէ՛ Գերյարգելի Հայր Կռանեանը.
Կեցցե՛ն նման նուիրեալ առաքեալները»:
Երկու հոգեւորականներուն քահանայական ձեռնադրութեան 60-րդ տարեդարձին նշումը միաժամանակ առիթ մը հանդիսացաւ անոնց կեանքին ու գործունէութեան ծանօթ հասարակութեան համար իր յարգանքն ու գնահատանքը արտայայտելու։ Իրենց անձերուն նման՝ յարաբերաբար համեստ եղաւ այդ առիթը։
Հակառակ իրենց թէ՛ հոգեւորական, թէ՛ մտաւորական, թէ՛ հասարակական ու հովուական հարուստ գործունէութեան եւ ծառայութիւններով առլի նուիրեալ կեանքին, համեստութեամբ դրոշմուած էր նաեւ այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքերը, որոնք Աստուծոյ ուղղուած գոհաբանութեան եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւններ էին՝ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին ծառայելու առիթներ ու շնորհ պարգեւած ըլլալուն համար իրենց։
ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԱԹԱԳԵԱՆԻՆ ԽՕՍՔԸ
«Զի՞նչ տաց տրիտուր Տեառն ընդ ամենայնի զոր եւ ետ ինձե :
Վաթսունութը տարի առաջ, 1946-ի Յուլիսին, տասնմէկ պատանիներ ու երիտասարդներ կը թողուն Զմմառու վանքը, բեռնատար նաւով մը ուղղուելով դէպի Հռոմ, կատարելու համար իրենց փիլիսոփայական ու աստուածաբանական ուսումները, ի պատրաստութիւն Քահանայական Ձեռնադրութեան:
Այդ տասնմէկ հոգինոց խումբէն, որու մաս կը կազմէին 16-էն 25 տարեկան երիտասարդներ ու պատանիներ, ողջ են այսօր միայն երկու հոգիներ, որոնք այսօր իրենց քահանայութեան 60-ամեակը կը տօնեն, Անդրանիկ Կռանեան եւ Մանուէլ Պաթագեան: Անոնք Հռոմ կը մեկնէին 16 տարեկանին, Լիբանան վերադառնալու համար 25 տարեկանին, յետ քահանայ ձեռնադրուելու: Հոգ չէ թէ ինը տարի անընդհատ հեռու ապրած ըլլային իրենց ընտանիքէն: Հոգ չէ թէ իրենց Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած էր ի ներկայութեան մի քանի հռոմէաբնակ քահանաներու եւ տեղացի հաւատացեալներու. գիտէին որ իրենց ծնողքը, հեռաւոր Լիբանանէն, սրտով ու աղօթքով կը բաժնէին իրենց զաւակներուն կեանքին ամէնէն երջանիկ պահը:
Ճիշդ է որ այդ նոր օծեալները, ֆիզիքապէս առանձին էին, սակայն հոգեպէս լիացուած էին, տեսնելով թէ վերջապէս կ՚իրականանար ցանկալի պահը որու կը տենչային իրենց փոքր տարիքէն ի վեր: Պահ մը՝ որ մինչեւ այսօր անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնայ անոնց մտքին ու սրտին մէջ:
Քահանայական կազմաւորումը, այդ օրերուն, կը կատարուէր ամենախիստ պայմաններու ներքեւ, շատ նման եւ մօտիկ՝ զինուորական կրթաձեւի: Այդ էր այդ ատենուայ ընդունուած օրէնքը: Այդ ձեւով եւ այդ պայմաններու տակ էր որ կը կոփուէր ու կը կերտուէր ապագայ քահանային նկարագիրը եւ կը կազմաւորուէր անոր հոգեմտաւոր զարգացումը: Եւ շնորհիւ այդ խիստ դաստիարակութեան է որ խոր համոզումները ծնունդ կ՚առնէին եւ կ՚արմատանային քահանայացուին մտքին ու հոգիին մէջ, ուղղելով անոր հոգեմտային հայեացքն ու ապրելակերպը: Եւ այդ դրութեան պարտադրած զոհողութիւնները, հակառա՚կ երեւոյթներուն, երախտագիտութեան զգացումնե՚ր միայն գոյացուցած էին քահանայութեան ձգտող այդ հոգիներուն մէջ, որովհետեւ կը գիտակցէին թէ անոնք կ՚օժանդակէին կերտելու նկարագրի տէր, հոգեւոր կեանքի պահանջներուն գիտակից եւ իրենց կոչման լրումին ձգտող հոգեւորականներ:
Նոր ձեռնադրեալ, զինուած այդ հոգեկան տեսլականով եւ Աստուծոյ օգնութեամբ, լծուած եմ հովուական ծառայութեան, Լիբանանի մեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ: Քսաներեք տարի ետք, անարժանաբար կանչուած եմ սիրելի Միաբանութեանս ղեկը ձեռք առնելու: Անվարան կը խոստովանիմ որ այդ վեց տարիները, ապրուած սիրելի մայրավանքիս մէջ, եղած են կեանքիս ամէնաերջանիկ տարիները, մեր պաշտելի Տիրամօր մայրական նայուածքին ու հովանիին ներքեւ:
Մխիթարական եղած են ինծի համար նաեւ տարիները զորս ապրած եմ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ, որ առիթը տուած է ինծի հովուական նոր փորձառութեամբ հարստանալու:
Ապա կանչուած եմ Հռոմ՝ ստանձնելու ծանր պատասխանատուութիւնը՝ մեր ապագայ քահանաներու կազմաւորման: Փառք կու տամ Աստուծոյ որ օգնած է ինծի որ կարողանամ անոնցմէ շատերը հասցնել մինչեւ խորան:
Աստուած, հաւանաբար ուզելով փորձի ենթարկել իմ սահմանափակ կարողութիւններս, կանչեց զիս եպիսկոպոսական կարգին, որպէս օգնական՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. եւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքներուն, որոնց երախտագէտ եմ՝ որ սիրով ու համբերատար հոգիով հովանաւորած են իմ այդ ծանր առաքելութիւնս: Յուսամ որ բազմագութ Տէրը ներողամիտ կ՚ըլլայ այդ պաշտօնավարութեանս ընթացքին ունեցած թերացումներուս համար:
Վերջին առաքելավայրս եղած է Նոր Աշխարհը, ուր սորված եմ թէ Տէրը երբեմն անակնկալներ կ՚ընէ մեզի որոնք, մեր երեւակայածէն աւելի օգտակար են՝ ճանչնալու այլազան բարքեր ու կենցաղներ, եւ պատշաճելու անոնց, լաւագոյնս ծառայելու համար հոգիներուն:
Եւ ահա, հասած է կեանքիս վերջին հանգրուանը, այդ ժամանակը զոր Աստուած կը պարգեւէ իր ծառաներուն՝ պատրաստուելու համար վերջին ուղեւորութեան եւ ցանկալի հանդիպումին իրեն հետ: Կը մտաբերեմ նաեւ, այս պահուս՝ 85 տարիներու երկարամեայ գոյութիւնս, որուն համար դժուարաւ կը գտնեմ երախտագիտութեան յարմար խօսքերը՝ Տիրոջս առատաձեռն պարգեւները հռչակելու համար: Ինչպէ՞ս, իրապէս, բացատրել թէ շատ մը քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ, ինծմէ աւելի փոքր՝ տարիքով, բայց վստահաբար աւելի մեծ՝ արժանիքով, կանխահաս կերպով մեկնած են այս աշխարհէն, կիսաւարտ թողլով իրենց առաքելութիւնը, մինչ ես տակաւին կ՚ապրիմ: Գուցէ Տէրը տակաւին անպատրաստ գտած է զիս իրեն հանդիպելու, եւ ժամանակ տուած է՝ մեղքերս քաւելու համար: Ամէն պարագային, շնորհակալ եմ իրեն՝ որ մինչեւ օրս չէ զրկած զիս մարմնաւոր ու մտային կարողութենէ՝ ծառայելու համար տակաւին իմ Եկեղեցիիս, որչափ որ կը ներեն ուժերս:
Կեանքիս մայրամուտին հասած, գոհաբանական աղօթքս կ՚ուղղեմ Տիրոջս, ըսելով. «Զի՞նչ տաց տրիտուր Տեառն». Ի՞նչ տամ Տիրոջ՝ փոխարէն այն ամէն բաներուն զորս տուաւ ինծի: Փրկութեան բաժակը ձեռք պիտի առնեմ, եւ պիտի չդադրիմ իր անունը կանչելէ:
Երախտապարտ եմ նաեւ սիրատենչ Զմմառու Տիրամօրս, որ եղած է կեանքիս ուղեցոյցը, ներշնչումի աղբիւրն ու ապաւէնը: Թող ան թոյլ տայ ինծի այս պահուս՝ բացագանչելու իրեն հետ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր». անձս կը փառաւորէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ իմ փրկիչ Աստուծմովս, որովհետեւ ան մեծամեծ բաներ ըրաւ ինծիե:
Փառք եւ պատիւ անոր, որ կանչած է զիս՝ իր անարժան ծառան ըլլալու եւ իր անսահման սէրն ու պարգեւները վայելելու եւ ուրիշներուն բաշխելու»:
ԳԵՐՅԱՐԳԵԼԻ ԿՌԱՆԵԱՆԻՆ ԽՕՍՔԸ
«ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ....
Այն անձը որ դուք այս երեկոյ իմ մէջ կը մեծարէք, 60 տարիներու քահանայ մըն է, Քրիստոսի կողմէ ընտրեալ մը, որպէսզի ան մարդոց ծառայէ ու զանոնք իրենց Արարչին առաջնորդէ:
Չեմ յիշեր թէ իմ մատուցած այս երեկոյի սուրբ պատարագս՝ կեանքիս քանի՞երորդ պատարգն է եւ թէ 60 տարիներուն ընթացքին՝ ես քանի անգամ խորան բարձրացայ, իմ ու ժողովուրդին անունով՝ պատարագ մատուցանելու...:
Ես, հակառակ իմ բոլոր թերութիւններուս ու անարժանութեանս՝ ընտրուած ու կանչուած եմ նախ եւ առաջ պատարագիչ ըլլալու, Յիսուսին քաղցր յիշատակը իր ժողովուրդին սրտերու մէջ ամէն օր նորոգելու, Քրիստոսի ծարաւով տոչորուած հոգիներուն համար շնորհքի աղբիւր դառնալու, հաւատացեալներուս հաւատքը վառ պահելու, երկինքը երկիր իջեցնելու, իսկ երկիրը երկինք դարձնելու:
Պատարագները որ մատուցած եմ, իմս չեն...: Նախ ժողովուրդին կը պատկանին ու ես զանոնք ժողովուրդին անունով եւ ժողովուրդին համար կը մատուցանեմ:
Այս երեկոյ՝ նաեւ իղձս ու մաղթանքս է, որ 60 տարիներէ ի վեր իմ մատուցած պատարագներէս ոչ մէկը... Աստուած ամչցուցած ըլլայ..., եւ ինծի գոյութիւն պարգեւած Աստուծոյ եւ պատարագելու իշխանութիւն տուած Եկեղեցիիս ու Ազգիս դիմաց՝ իմ 60 տարիներու քահանայութիւնս արդարացուցած ըլլամ...:
Հուսկ՝ ես ինծի հարց կու տամ թէ՝ Պատարագիչ մը ինչպէ՞ս կրնայ հրաշքի չհաւատալ, երբ ան ամէն օր՝ անձամբ հրաշք կը գործէ...պատարագելով:
Ապա՝ կը խորհիմ թէ՝-Քահանայի մը վաստկած արժանիքները ոչ միայն անոր անձին վերագրուելու են, այլ նաեւ անոր ծնողքներուն ու զինք քահանայութեան պատրաստողներուն:
Համաձա՞յն էք...:
Շնորհակալութիւն
Աստուծոյ Եւ... եւ Ձեզի...:»
ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԴԱՍԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Անկախ ունկնդիրներուն պարգեւած հոգեկան եւ գեղարուեստկան վայելքէն, երկու հոգեւորականներուն հանդէպ յարգանքի, գնահատանքի եւ մեծարանքի արտայայտութիւն մը հանդիսացաւ հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեան համերգը՝ որ տեղի ունեցաւ յաւարտ Սբ. Պատարագին, Հ.Կ.Մ.ի Արարատեան Սրահին մէջ, կատարողութեամբ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցի ուսուցիչներ՝ Մայա Մաալուֆ (Ա. ջութակ), Մոնա Մեմաան (Բ. ջութակ), Ռանիա Գալլապ (Բամբ ջութակ) եւ Ռիպալ Գալլապ (Թաւջութակ) լարային քառեակին եւ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ դոկտոր Եդուարդ Թորիկեան եւ նուագակցութեամբ Ռիթա Աստիկեանի (ջութակ), Ժան Բիեռ Աստիկեանի (դաշնակ) եւ Նազելի Չիթճեանի (Տհոլ)։
Յընթացս համերգին, Հերմինէ Նիւրբեթլեանին արտասանած անկեղծ ու պարզունակ սրտի խօսքը եղաւ ոչ միայն ընտանեկան հարազատի մը, այլ երկու մեծարեալ հոգեւորականներու հոգատարութեան ու դաստիարակութեան արժանացած սերունդներուն երախտաքիտական զգացումներուն արտայայտութիւնը: Շնորհիւ այդ դաստիարակութեան, անոնք սորվեցան կառչած մնալ քրիստոնեայ արժէքներուն, ազգին ու հայրենիքին, սիրել, յարգել, տալ ու ծառայել:
ՕՐԻՈՐԴ ՀԵՐՄԻՆԷ ՆԻՒՐԲԵԹԼԵԱՆԻՆ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ:
«Երբ ինծի տրուեցաւ Գերապայծառ Պաթագեանին մասին խօսք մը արտասանելու պարտականութիւնը -յիշատակելի այս օրուան ընթացքին-,
միտքս անմիջապէս (եւ բնականաբար) եկաւ հետեւեալ հարցումը.
Ինչպէս կարելի էր խօսիլ անձի մը մասին,
Ձեւով մը անոր գովքը հիւսել
Երբ քաջ գիտես թէ այդ անձը չախորժիր այդ մէկէն:
Գիտեմ Գերապայծառ Տէր, կամ Գերապայծառ Տայտայ
Ինչպէս որ վարժ ենք ըսել ընտանիքէն ներս,
Գիտեմ:
Տակաւին մի քանի օր առաջ երբ ընտանեօք հաւաքուած էինք
խստիւ դէմ արտայայտուեցար ձեռնարկին
Գեղարուեստական այս բաժնին մասին:
Գիտեմ որովհետեւ միշտ ուզած ես
Տալ առանց յայտարարելու,
Աշխատիլ առանց յոխորտալու,
Նուիրուիլ առանց ընկալելու,
Հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի վարդապետութեան՝
«Ինչ որ աջ ձեռքդ կու տայ, ձախ ձեռքդ թող չի գիտնայ»:
08 դեկտեմբեր 1954 ...
Քահանայական ձեռնադրութեանդ առաջին օրէն իսկ
Երբ պաշտօնի կոչուեցար,
Պէյրութէն Պուրճ Համմուտ,
Պուրճ Համմուտէն Զմմառ,
Զմմառէն Փարիզ,
Փարիզէն Հռոմ,
Հռոմէն Պէյրութ,
Պէյրութէն Նիու Եորք,
Նիու Եորքէն Պէյրութ,
Գործեցիր
պահելով
Միեւնոյն սկզբունքներու կառչածութիւնը,
Միեւնոյն խստապահանջութինը,
Միեւնոյն յամառ եւ յարատեւ աշխատասիրութիւնը:
Գերապայծառ Տայտայ
Լոս Անճըլըսի ժողովրդապետութեան անդամներէն մին քու մասիդ կու տայ հետեւեալ վկայութիւնը: Այս Վկայութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ տուած են ուրիշ բազմաթիւ անձեր որոնք աշխատակիցներդ եղած են՝
հետեւաբար մօտէն ճանչցած քեզ:
«Շատ համակրելի եւ ընկերային անձնաւորութիւն մըն է Պաթագեան Գերապայծարը:
Զինքը ճանչցայ Պուրճ Համմուտի ժողովրդապետութեան շրջանէն: Այդ օրերէն՝ բացուած էր բոլորին մտիկ ընել գիտէր եւ արգելք չէր հանդիսանար երիտասարդ միութենականներէն եկող զանազան ծրագիրներուն, այլ ընդհակառակը կ՛առաջնորդէր երկաթեայ բռունցքով: Սկաուտութեան բանակումի օրերուն մեզի կը միանար Րընօ Կորտինի ինքնաշարժով որ չափազանց արագ կը քշէր (կարծեմ մինչեւ հիմա արագ կը քշես):
Նոյն հակումները եւ ճաշակը ունէինք մանաւանդ ինչ կը վերաբերի դասական երաժշտութեան:
ՀԿԵՄ-ի մէջ մեր բարեկամական կապերը շարունակուեցան
առանց ոեւէ մէկ հարցի:
Կազմակերպեցինք rallypaper, cines clubs... Իր յանդուգն եւ խիզախ որոշումներէն եղաւ (1960-ական թուականներուն) ՀԿԵՄ երիտասարդաց եւ ՀԿՕՄ օրիորդաց վարչութիւններուն միաձուլումը երկսեռ վարչութեան մը մէջ:
Պաթագեան Գերապայծառը մեզի եղաւ ու կը մնայ մեր մեծ եղբայրը, մեր բարեկամը, եւ անշրջանցելի խոստովանահայրը:
Սկզբունքներու տէր
այս սիրելի անձնաւորութիւնը
բնաւ չէ կորսնցուցած իր սրամտութիւնն ու զուարթ տրամադրութիւնը
«Cest un Amour d'homme de principe et toujours consequant et fidele a ces principes sans pour autant perdre son humour et sa jovialité».
Գերապայծառ Տայտայ, Գերապայծառ էմմի
եւ կամ «եղբայր»՝ քոյրերուդ-եղբօրդ համար,
Երկնքի մէջ, որքան հպարտ պէտք է ըլլան քեզմով
ծնողքդ Նազարէթն ու Մարին:
Որքան ուրախ պէտք է ըլլան
եղբայրդ Յարութը բայց մանաւանդ մայրապետ քոյրդ,
քոյր Հերմինէն որուն անունը կրելու բախտը տրուած է ինծի:
Իսկ հոս՝ որքան հպարտ են քեզմով քոյրերդ Լուսինն ու մէծ մայրս՝ Անժէլը:
Հպարտ՝ քու քահանայական նուիրումովդ,
հպարտ քու անհամար ծառայութիւններովդ,
հպարտ քու պաշտպանած սկզբունքներովդ:
իսկ մենք՝
ըսել կ՛ուզեմ Պուրճ Համմուտի, Փարիզի, Միացեալ Նահանգներու
եւ Քանատայի ժողովրդապետութիւններու անդամներս,
Մեզի եղար՝ ... հայր... ուսուցիչ... դաստիարակ:
Սորվեցուցիր կառչած մնալ քրիստոնեայ արժէքներուն:
Սորվեցուցիր կառչած մնալ ազգին, հայրենիքին:
Սորվեցուցիր շատ բան:
Բայց մանաւանդ՝
Սորվեցուցիր սիրել:
Սորվեցուցիր յարգել:
Սորվեցուցիր տալ, ծառայել:
Ծառայել անսակարկ,
Ծառայել անխտիր,
Ծառայել անկաշկանդ:
...
Այս առթիւ կ՛ուզեմ սիրոյ եւ յարգանքի զգացումներս փոխանցել
Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանին:
Յարգանքի զգացումներս իր բեղուն գործունէութեան համար իբրեւ հայագիտութեան դասախօս եւ երկարամեայ խմբագրապետ «Մասիս» ամսաթերթի (այս տողերուս շարադրութիւնը կատարուեցաւ ձեր պատրաստած բառարանին օգնութեամբ):
Իսկ սիրոյ զգացումներս երկու մեծարեալներուն անձնական նմանութիւններուն եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն հիւսած սերտ կապերուն համար: Սկսելով իրենց կեցութենէն նախ Զմմառ ապա Հռոմ եւ իրենց քահանայական ձեռնադրութիւնը 08/12/1954-ին: Կանխահասօրէն մեզմէ բաժնուած իրենց մայրապետ քոյրերուն Քոյր Յասմիկի եւ Քոյր Հերմինէի ճակատագրերը եւ վերջապէս -կարճ կապելու համար- երկու վաստակաշատ կղերականներուն վերստին հանդիպումը Պէյրութ քաղաքի մէջ:
Բոլորս շնորհակալ ենք ձեզի ձեր ծառայութիւններուն համար եկեղեցւոյ, համայնքին եւ ազգին:
Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծայրագոյն վարդապետ Կռանեան,
Արհիապատիւ Հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան,
Ձեր երկուքին
Քահանայական ձեռնադրութեան ադամանդեայ 60-ամեակը շնորհաւոր ըլլայ
Օ՛ն, յառաջ դէպի քահանայական ձեռնադրութեան 65-ամեակ»: