Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2012 - Յայտարարութիւն Ընկերային Հաղորդամիջոցներու սեմինարին մասին 17-էն 20 ապրիլ

 

Պէյրութ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹՒԻՆ

 

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը կազմակերպած է «Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» տիտղոսով սեմինար մը, որ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ յառաջիկայ ապրիլ 17-էն 20: Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար գումարուելիք այս առաջին սեմինարին նպատակն է օգնել խորհրդակցութեան եւ կազմաւորման նոր հեռանկարներու բացումին այս աշխարհագրական շրջանի Եկեղեցիներուն առջեւ, թուային դարաշրջանին եւ հաղորդամիջոցներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողքին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ այս սեմինարին պաշտօնապէս պիտի մասնակցին Արհիապատիւ տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան, հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան եւ Երուսաղէմի ու Ամմանի առաջնորդ գերապայծառ հայր Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեան, ինչպէս նաեւ Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ տիար Րոպէր Աթթարեան:

 

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

Պէյրութ, 9 Ապրիլ, 2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ