Վատիկան
Վատիկանը կը պատրաստուի բանալ իր գաղտնի արխիւները։ Այս մասին յայտարարած է, կը գրէ թրքական «Հուրրիյէթ» օրաթերթը, Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու մոնսենիոր տէր Սերճիօ Բականի։
Վատիկանի արխիւներու պատասխանատուն տեղեկացուցած է, որ 8-էն մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն վերաբերող գաղտնի արխիւները պիտի բացուին փետրուար 2012-ին եւ ցուցադրուին Lux in Arcana ցուցահանդէսին։
Մոնսենիոր Սերճիօ Բականի նշած է, որ հրապարակուելիք արխիւներուն մէջ առկայ են փաստաթուղթեր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 20-րդ դարասկիզբը հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան մասին։
«Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերուն մէջ ներկայացուած են թուրք զինուորներու դաժան բռնութիւնները, որոնք ուղղակի անմարդկային են»,– ըսած է Բականի։