Զմմառ
Զմմառու վանքին դիւանը եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վարչութիւնը կը ծանուցանեն թէ Փորդուկալէն ժամանակաւորապէս Լիբանան փոխադրուած Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը, հանդիսաւորապէս Զմմառու վանք պիտի այցելէ երկուշաբթի, 15 Յունիս 2015-ին: Այս առթիւ յետմիջօրեայ ժամը 4-ին, Զմմառու վանքի գլխաւոր հրապարակին վրայ յատուկ ձեւով պատրաստուած բացօթեայ խորանին առջեւ, սուրբ Վարդարանի աղօթք պիտի կատարուի, որմէ ետք ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հայրապետական սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ: