Լիբանան
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 25-ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2009-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոն այցելեցին Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանի ծաղիկ դասարանի աշակերտները՝ ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանի:
Հանդիպումին ընթացքին աշակերտները ծանօթացան հայ երաժշտական գործիքներուն, քոլեճին ու կեդրոնին: Այս ծիրին մէջ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչէկ աշակերտութեան տուաւ համապատասխան տեղեկութիւններ:
Հաւաքի աւարտին Գ. Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները իրենց իւրայատուկ ու գնահատելի կերպով՝ փունջ մը երգերով արտայայտեցին 25-ամեակի իրենց շնորհաւորութիւնները:
Այս առիթով տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան իրողապէս գնահատեց քոլեճի 25-ամեայ երթը՝ շեշտելով, թէ քոլեճը լիբանանահայ ընկերութեան մշակութային կեանքին մէջ ունեցած է ու ունի իր ինքնուրոյն դիրքը:
Ծանօթացման հանդիպման աւարտին աշակերտները նաեւ ծանօթացան կեդրոնի մէջ գործող «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի եւ «Գայիանէ» պարի դպրոցի աշխատանքներուն: