Հռոմ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ Գ. ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
5 - 9 Հոկտեմբեր 2014
«Ընտանիքին հովուական մարտահրաւէրները Աւետարանացման շրջագիծէն ներս»
Ստորեւ՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին այս առթիւ արտասանած խօսքը։
Սրբազան Հայր,
Գերապատիւ Սիւնհոդոսական Հայրեր,
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,
Ընտանիքին հովուական մարտահրաւէրները Աւետարանումի շրջագիծէն ներս՝ հետեւանքն են շրջապատի մշակոյթին, կրօնական թուլութեան եւ զանգուածային հաղորդամիջոցներու ներխուժող ազդեցութեան։ Անոնց պատճառը կրօնական գիտելիքներու եւ քրիստոնէական կեանքի պակասն է, այնպէս ինչպէս սուրբ Պօղոս զայն նկարագրած է Հռոմէացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ՝ Սուրբ Հոգիին համաձայն չապրող մարդուն համար։
Արդարեւ, ընտանիքէն ներս խորապէս ապրուած քրիստոնէական կեանքի մը պակասը՝ մանուկներուն, եւ նոյնիսկ կաթողիկէ դպրոցներ յաճախած մանուկներուն կþընծայէ տարրական կրօնական կազմաւորում մը, որով կարելի չէ յաղթահարել աշխարհի գրաւիչ երեւոյթները եւ որ անընդհատ կը մղէ մարդը ապրելու մարմնի ցանկութիւններուն համաձայն։ Նոյնիսկ անոնք որոնք կը դիմադրեն փոքր փորձութիւններուն՝ չեն կրնար դիմադրել ընչաքաղցութեան, ինքնասիրութեան եւ սուտին նման մեծ խնդիրներուն։ Քրիստոնեայ զոյգերուն բացարձակ մեծամասնութիւնը դժբախտաբար կը հետեւի յղութեան կանխարգիլման եւ ամուսնալուծումն ու վիժումը կը բազմանան։ Մարդիկ քրիստոնեայ կը դառնան ինքնութեամբ միայն, առանց հաւատարմութեան Աւետարանին եւ առանց եկեղեցական պատասխանատուութեան։
Աղօթքը յաճախ կը սահմանափակուի վարդարանի եւ իննօրեաներու նման կարգ մը ջերմեռանդութիւններու արտասանութեան։ Կրօնական պարտականութիւնները կը կատարուին առաւելաբար սովորամոլ ձեւով, հեռու՝ հանդիպումէ մը սիրալիր, բարեգութ եւ համբերատար Հայր Աստուծոյ հետ, այնպէս ինչպէս Իրեն կը հանդիպինք սաղմոսներուն մէջ, այսօր՝ վանքերէն եւ յանձնառու ընտանիքներէն ներս, որոնք կը պայքարին աղօթքով, որոնք ամէն օր կը փորձեն աւելի լաւ գիտնալ Աստուծոյ կամքը զայն կատարելու համար իրենց կեանքի շօշափելի պայմաններուն համաձայն, եւ որոնք աւելի ժամանակ կը տրամադրեն այն բանին որ առաջնահերթ է, Աստուծոյ եւ աւետարանումին։
Շատ կը քրիստոնեաներ չեն գիտեր իրապէս աղօթել, զրուցել Աստուծոյ հետ՝ անտեսանելի, բայց ներկայ, այն աստիճան որ աղօթքը կարեւոր կը դառնայ մեծ խնդիրներու պահերուն։ Ան դադրած է նկատուելէ հանապազօրեայ սնունդ մը անհրաժեշտ հոգիին համար՝ Աստուծոյ խօսքին ընթերցումով եւ քարոզին ունկնդրութեամբ, այնպէս ինչպէս որ ամենօրեայ երեք ճաշերն են մարմնին համար։ Եթէ Աստուած ներկայ չէ, քրիստոնեային կեանքը կը տկարանայ եւ ան կը դառնայ սատանային զոհը, այնպէս ինչպէս երբ թթուածինը կը պակսի՝ մարմինը կը դառնայ ենթակայ հիւանդութիւններու։
Մեծ մասամբ անցած է այն ժամանակը երբ քրիստոնեայ ընտանիքները կը հետեւէին Քրիստոսի, որովհետեւ կը ճանչնային անոր ձայնը։ Այս ուղղութեամբ շատ նշանակալի է Սուրբ Յովհաննէսին Աւետարանը բարի հովիւի մասին։ Հակառակ ասոր, Յիսուսի ձայնը տակաւին ծանօթ է եւ մարդիկ անոր կը հետեւին աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ, մանաւանդ Neocatechumenal Ճանապարհի, Քարիզմաթիկ Շարժման եւ Focolari-ներու ընտանիքներէն ներս։ Այս ընտանիքները կþապրին Աւետարանի ուրախութիւնը, առաքեալներ են եւ կոչումներ կու տան քահանայութեան եւ կրօնաւորական կեանքին։ Neocatechumenal Ճանապարհը, օրինակի համար, ունի 102 դպրեվանքներ։
Ահաւասիկ հովուական կարգ մը մարտահրաւէրներ ընկերութենէն ներս, որուն կորիզը ընտանիքն է։ Ահա այն ինչ որ արգելք կþըլլայ մկրտուածներու եւ չմկրտուածներու փրկարար Աւետարանումին։ Կարելի է նշել նաեւ ամուսնութեան բաւարար նախապատրաստութեան, ընտանեկան հովուական կեանքի մը, քահանաներու եւ հովուական գործակատարներու բաւարար պատրաստութեան պակասը, բայց մանաւանդ պակասը հաւատքի եւ դարձի ճանապարհի մը ժողովրդապետութիւններու մեծ մասէն ներս։
Շնորհակալութիւն ունկնդրութեան համար։