Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2014 - Գերապայծառ Գուսա կոչ կ'ուղղէ աջակցելու Միջին Արեւելքի տառապեալ ժողովուրդներուն
Գահիրէ

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» եգիպտահայ մշակութային միութեան, շաբաթ, 19 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսա մասնակցեցաւ Րամատանի առիթով կազմակերպուած Իֆթարին, որուն ներկայ գտնուեցան եգիպտահայ գաղութի զաւակներ, տեղական մամուլը եւ երեւելի մտաւորական  դէմքեր:

Գերապայծառ տէրը այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ կոչ  ուղղեց բոլորին Րամատանի շնորհաբեր ամսուան ընթացքին բարի գործեր կատարելու, աջակցելու եւ աղօթելու Կազայի, իրաքի, Մուսուլի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Սինայի տառապեալ ժողովուրդներուն համար: Ան նաեւ կոչ ուղղեց եգիպտահայութեան մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի՝ 2015-ին, նշելով որ այս  օրերուն Մուսուլի մէջ եւ վերջերս Քեսապի մէջ պատահած դէպքերը մեզի կը յիշեցնեն 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերը: Իր խօսքի  աւարտին, ան կոչ ըրաւ վերահաստատելու եղբայրակցութեան եւ համերաշխութեան ոգին ի սպաս խաղաղութեան տարբեր համայնքներուն միջեւ:
 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ