Չորեքշաբթի, 2 Փետրուար 2011 - Գերշ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան կ’այցելէ Զմմառու վանք

 

Զմմառ

 

Չորեքշաբթի
, 2 փետրուար 2011, կէսօրուան ժամը 12-ին, Զմմառու մայրավանք ժամանեց գերշ. Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան (միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանՍրբազան հայրը նախ այցելեց վանական եկեղեցւոյ կաթողիկոսական-պատրիարքական դամբարանը եւ աղօթքով իր յարգանքի տուրքը մատուցանեց նորոգ վախճանեալ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոսին, հայցելով Աստուծմէ յաւիտենական հանգիստ հանգուցեալ հայրապետին։ Ապա սրբազան հայրը այցելեց վանքին հին վեհարան-թանգարանը, որուն մէջ զետեղուած է Սեբաստիոյ հայազգի սուրբ Վլասի մասունքը. սոյն մասունքը ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը նուէր ստացած է Իտալիոյ Մարաթէա քաղաքի սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւէն, եւ մեծ հանդիսութեամբ ու հայրապետական Պատարագով Զմմառու վանքին մէջ զետեղուած է 11 փետրուար 2001-ին։ Սրբազան հայրը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց սոյն մասունքին հանդէպ, որովհետեւ ան ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր սուրբ Վլասին մասին։

Կէսօրուայ ժամը 1-ին, սրբազան հայրը, վանքի միաբաններուն հետ մասնակցեցաւ եղբայրական ակաբին, որու ընթացքին եղբայրական մթնոլորտի մէջ զրուցեցին եկեղեցական, քաղաքական եւ ընկերային զանազան նիւթեր։

Այնուհետեւ, սրբազան հայրը հրաժեշտ տուաւ վանքէն, եղբայրական ջերմ զգացումներով եւ բարեմաղթութիւններով։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ