Պէյրութ
Չորեքշաբթի, 30 մարտ 2011, «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի մամուլի գրասենեակի պատասխանատու եւ «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին հայ տեղեկատուական ոլորտին եւ այնտեղ երեւցող զանազան խնդիրներուն. ինչպէս նաեւ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ ընկերային հացղորդամիջոցներուն միջեւ սերտ գործակցութեան հնարաւորութիւնը:
Յայտնենք, որ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը քաջալերէ «Վանայ Ձայն»-ին կազմակերպած րատիօթոնը այսօր՝ 31 մարտ 2011-ին, եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այս ուղղութեամբ: