Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2014 - Գուսան եպիսկոպոս կը յայտարարէ 12 ապրիլի Հռոմի սուրբ Պատարագը հաղորդամիջոցներէն

 

Գահիրէ

29 Հոկտեմբեր 2014-ին, եգիպտական copts united պատկերասփիւռէն (www.copts-united.com) ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հաւանականութեան մասին ուղղուած հարցումի մը, Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Գրիգոր Իգնատիոս եպիսկոպոս Գուսան անկարելի կը նկատէ նման հաւանականութիւն մը, ըսելով որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը պիտի նշանակէր թրքական բոլոր յոռի բարքերուն թափանցումը Եւրոպա։

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, գերապայծառ Գուսան կը յայտարարէ թէ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու Թուրքիոյ բոլոր փորձերը ձախողեցան, ինչպէս ցոյց կու տայ հայերու ներկայութիւնը աշխարհի համարեա բոլոր կողմերը։ «Մենք կþաղօթենք թուրքերուն համար ըսելով՝ Տէր Աստուած ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կþընեն» կþըսէ ան, տեղեկացնելով որ յառաջիկայ ապրիլի 12-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, հայածէս սուրբ Պատարագ մը պիտի մատուցուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, աշխարհին յիշեցնելու համար 100 տարիներ առաջ թուրքերուն կողմէ գործուած ցեղասպանութիւնը։

Այնուհետեւ, անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն, գերապայծառ Գուսան կը նշէ թէ արաբական յեղափոխութիւնները որոնք տեղի ունեցան վերջին տարիներուն՝  արուեստական են եւ ծրագրուած են արաբական աշխարհը պառակտելու նպատակով միայն։ Ան իր զարմանքը կը յայտնէ բոլոր այն իսլամական կղերականներու մասին, որոնք  կը դրդեն երիտասարդները յանուն կրօնքի անմարդկային ոճիրներ գործելու։ Ան կը վստահեցնէ որ այն ինչ որ այսօր կը պատահի քրիստոնեաներուն, տարիներ ետք պիտի պատահի նաեւ իսլամներուն, որպէսզի տուեալ շրջանը դառնայ տմարդի եւ անաստուած մարդոցմէ բնակուած տարածք մը։ Գերապայծառ Գուսան հուսկ հարց կու տայ թէ ինչպէ՞ս անմեղ ժողովուրդը գլխատող եւ ջարդող ձեռքերը հանգիստ խիղճով կը կատարեն այդ անմարդկային արարքները եւ կոչ կþընէ այդ արարքներու հեղինակներուն վերադառնալու իրենց խղճին եւ յիշելու թէ Աստուած է ստեղծողը այն բոլորը զոր իրենք կը կործանեն։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ