Պէյրութ
Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով չորեքշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. հոգեւոր տիրոջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին, 100-ամեակի միջմշակութային մարմնին եւ 100-ամեակի միջերիտասարդական մարմնին միջեւ հանդիպում-ընդունելութիւն մը:
Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց 100-ամեակի մարմիններուն տարած աշխատանքները, յատկապէս շեշտելով անոնց համագաղութային բնոյթը եւ տարեսկիզբէն մինչեւ ապրիլ 24 երկարած ձեռնարկներու շարքը:
Իրենց կարգին, մարմիններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն մասին` ընդգծելով, որ 100-ամեակի մարմիններու աշխատանքները ամբողջ գաղութի տարբեր ոլորտներու կազմակերպութիւններն ու միաւորները ընդգրկած են եւ իրենց աշխատանքները մինչեւ հարիւրամեակ պիտի շարունակեն հետեւողական ձեւով: Արծարծուեցաւ մշակոյթի ճամբով Ցեղասպանութեան ծանօթացման կարեւորութիւնը, լրատուամիջոցներու հետ մնայուն կապ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, երիտասարդական խաւի ներգրաւուածութեան երեւոյթը եւ Հայաստանի պետական յանձնախումբին հետ մնայուն համագործակցութիւնը զարգացնելու հրամայականը: