Հինգշաբթի, 12 Յունիս 2014 - Սուրիոյ տագնապի մասին միջազգային խորհրդաժողով Էջմիածնի մէջ
Էջմիածին
11 Յունիս 2014-ին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ «Սուրիոյ Ճգնաժամը. Մարտահրաւէրներ Հաւատքի Համայնքներուն Համար» նիւթով երկօրեայ միջազգային խորհրդաժողովը, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օլաւ Թուէյթի, պետական, դիւանագիտական ու հոգեւոր ներկայացուցիչներու: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բացման խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան։ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս խորհրդաժողովին, որ պիտի քննարկէ հետեւեալ նիւթերը.֊ “Սուրիոյ մէջ քաղաքական զարգացումները եւ մարդասիրական հեռանկարները», “քրիստոնեաներուն ներկայութիւնն ու վկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն արդիւնքի լոյսին տակ» եւ “ Հայկական համայնքները Մերձաւոր Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ ու անոնց հեռանկարները»:
|