Զալքա
Արհի. Գերապայծառ Տէր,
Գեր. վարդապետներ,
եւ Առաքինափայլ քոյրեր,
Ազնուափայլ Տիկին Ռիթա Պոյաճեան, մեծաւորուհի Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարանի,
Ազնուափայլ տիկին Ժանէթ Հարպոյեան եւ Հարպոյեան ընտանիքի հարազատներ,
Յարգոյ Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններ,
Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի յարգարժան անցեալ եւ ներկայ տնօրէններ եւ ուսուցչական ու վարչական կազմերու անդամներ,
Հանգամանաւոր պետական, կրթական, կուսակցական, զինուորական անձնաւորութիւններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ,
Պատուարժան ծնողներ եւ սիրեցեալ աշակերտներ,
Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,
Այսօր կը սկսինք Յիսնակաց ծիսական հինգերորդ շաբաթը առ ի պատրաստութիւն Աստուածայայտնութեան մեծ Տօներուն: Օրուան թուղթերը, որ լսեցինք քիչ առաջ, մեզի կը յիշեցնեն, որ մենք կ'ապրինք վերջին ժամանակները, որ սկսած են Յիսուսի սրբալոյս յարութեամբ եւ կ'երկարին մինչեւ աշխարհին կատարածը: Այս ժամանակաշրջին ընթացքին մենք կոչուած ենք որպէս հայեր եւ քրիստոնեաներ ապրելու եւ մեր հայազգի զաւակներուն սփռելու Լուսաւորչեան հաւատքը, մանաւանդ՝ Սրբազան Պապի՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի կողմէ հռչակելէ ետք Հաւատքի Տարին անցեալ 11 Հոկտեմբերին:
Այսօր, ուրախ առիթ մը եւս կը ներկայանայ մեզի, որ է Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը:
Արդարեւ, Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքի տնօրինումով, 1987-ին, իր դռները բացաւ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան անգլերէն թեքումով Հայ Կաթողիկէ վարժարանը, որ սկսած է գործել համեստ պայմաններով եւ սակաւաթիւ աշակերտներով:
Սակայն, յիրերայաջորդ տնօրէններու տքնաջան աշխատանքով, աստիճանաբար եւ հակառակ դժուարին պայմաններուն, եւ մանաւանդ 2000 – 2001 տարեշրջանին Երկրորդական բաժնին բացումով, ազնուափայլ տիկին Զուարթ Նաճարեանի, տնօրէնութեան օրով վարժարանը շօշափելի նուաճում մը արձանագրեց: Անոր յաջորդեցին նորանոր ծրագիրներ այսօրուայ վարժարանի մեծաւորուհիին՝ ազնուափայլ տիկին Ռիթա Պոյաճեանի շնորհիւ, որ անընկճելի կամքով, եւ անընդհատ աշխատանքով վարժարանը զարգացուց՝ ճոխացնելով Երկրորդական վերջին տարիներու դասարանները երեք մասնագիտական ճիւղերով, բանալով թեքնիք բաժինը, հիմնելով արտադասարանային ձեռնարկներ, եւ վերջապէս, դպրոցին անհրաժեշտ նորոգութիւնները կատարելով: Այսպէս, Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարանը, տարուէ տարի, աշակերտներու թիւին աճում արձանագրեց, հակառակ երկրին տնտեսական վատ պայմաններուն:
Սիրելիներ, Հայ Դպրոցը՝ մեզի համար, հասարակ կրթական կառոյց մը ըլլալէ աւելի, նուիրական առաքելավայր մըն է, ուր, պետական ուսումնական ծրագրին զուգահեռ, կը ջամբէ հայեցի կրթութիւն հայ աշակերտին ինքնութիւնը զօրացնող ազգային եւ մշակութային արժէքներով, տոհմային աւանդութիւններ, հայոց պատմութիւն, եւ մանաւանդ՝ լուսաւորչեան ջինջ հաւատքը, որպէսզի Հայ Դպրոցը աւարտած երիտասարդ երիտասարդուհիները, դառնան, յետագային, իրենց ժողովուրդի մշակոյթի, ազգային արժէքներու ու մարդկային արժանիքներու ջահակիրներ եւ ռահվիրաներ:
Այսօրուայ բարեպատեհ պահուս, պարտք կը համարիմ համայնքիս անունով երախտագիտութեան զգացումներով յիշատակել Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարանին հիմնադիրները՝ Երջանկայիշատակ Գերպ. Անդրէաս Եպս. Պետողլեան եւ Տիար Կարպիս Հարպոյեան, առանց որոնց այս կրթական օճախը՝ այսօր գոյութիւն պիտի չ'ունենար:
Նոյնպէս, կ'ուզեմ գնահատութիւնս արտայայտել նախքին տնօրէններուն, կրթական ու վարչական կազմերու անդամներուն եւ յատուկ կերպով՝ տիկին Ռիթա Պոյաճեանին, որ ժամանակ եւ յոգնութիւն չի խնայեր վարժարանիս նուաճումին եւ բարքաւաճում ի խնդիր:
Մաղթանքս է, որ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը շարունակէ իր քրիստոնէական, ազգային եւ կրթական առաքելութիւնը, երրորդ թեւը ու անհրաժեշտ կառոյցը հանդիսանալով ընտանիքին եւ ժողովրդապետութեան հետ միասին, նոր սերունդներուն կրօնական, հայկական եւ մարդկային արժէքները ջամբելով եւ պաշտպանելով:
Ամենակալ Աստուծոյ կը հայցեմ լիառատ օրհնութիւնները բոլորիդ վրայ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց վրայ որոնք չկարողացան ներկայ գտնուիլ զանազան պատճառներով: Թո՛ղ Սուրբ Կոյս Աստուածածինը, որ հսկած է Մանուկ Յիսուսի վրայ, իր հովանիով մեզ շրջապատէ ու պաշտպանէ ամէն վտանգէ եւ ամէն օր մեզ աւելի մօտեցնէ իր անդրանիկ որդիին՝ Յիսուսին. ամէն: