Երկուշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2010 - Հ.Կ.Մ.-ի Քեսապի «Լեռ» մասնաճիւղի ամառնային 8-րդ բանակում


Քեսապ, Սուրիա

 

Ինչպէս
ամէն տարի, այս տարի եւս Հ.Կ.Մ.-ի Քեսապի «Լեռ» մասնաճիւղի տարեկան 8-րդ բանակումը տեղի ունեցաւ, երկուշաբթի 31 օգոստոս 2010-էն սկսեալ, Էսքիւրան գիւղի «Տիրամայր Նահատակաց» Հայոց վանքին մէջ։ 43 Հ.Կ.Մ.-ական ջահակիրներ եւ պատանիներ եզակի եւ իւրայատուկ շաբաթ մը անցուցին ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Այս տարուայ բանակումը նուիրուած էր Պատմական Հայաստանին եւ քաղաքներուն, որոնք յատկանշեցին ընդհանուր յայտագիրը, ինչպէս նաեւ հինգ վաշտերը կոչուեցան՝ Կարս, Դուին, Վան, Սասուն եւ Արարատ։

Բանակող ջահակիրներն ու պատանիները մարզական, մշակութային եւ ձեռային զանազան ձեռնարկներ կազմակերպեցին, հոգեւոր եւ ազգային դասախօսութիւններ ստացան, ինչպէս նաեւ աղօթքներ կատարեցին՝ սուրբ վարդարան եւ սուրբ Պատարագ։  

Բանակումին աւարտին տեղի ունեցաւ խարոյկահանդէսը, ներկայութեամբ՝ հոգեւոր վարիչ՝ հայր Գարեգին Քէօշկէրեանի, ժողովրդապետական յանձնախումբի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ծնողներու եւ Հ.Կ.Մ.-ականներու։ Յայտագիրը ընդգրկեց դրօշակի արարողութիւն, քայլերգներու հնչում, միութեան բացման խօսք եւ գեղարուեստական ելոյթ մը։ Փակման խօսքին մէջ, հայր Գարեգին Քէօշկէրեան անդրադարձաւ բանակումի թեմային մասին (Պատմական Հայաստան), յիշեցնելով որ «կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք մեր գրաւեալ քաղաքներուն անունները որպէսզի շարունակենք պահանջատէր մնալ մինչեւ մեր իրաւունքներուն եւ հողերուն վերադարձին»։ Ան յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց ներկայ ու նախորդ հրամանատարներուն, խորհուրդի անդամներուն եւ ծնողներուն։ Խարոյկահանդէսը վերջ գտաւ խարոյկը վառելով եւ Տէրունական աղօթքով։  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ