Երկուշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2008 - Հայրապետական Պատգամ Խաչվերացի Տօնին Առթիւ

Խաչվերացի Տօնին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Կիրակի 14 Սեպտեմբեր 2008ին Զալքայի Ս.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ տուաւ իր Միածին Որդին,
 որպէսզի ան որ կը հաւատայ անոր չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3,16)

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ինչպէս հայր մը իր զաւակներուն բարիքը կը փնտռէ ամէն գինով, նոյնիսկ մեծ զոհողութիւններ ընելով, նոյնքան եւ աւելի՝ Աստուած, մեր հայրը, չէր կրնար անտարբեր մնալ եւ ձգել որ մարդկութիւնը կորսուի իր մեղքերուն պատճառով: Որովհետեւ, մարդը մեղանչելով, սատանայի գերի դարձաւ եւ կարողութիւն չ’ունէր այլեւս անկէ ազատիլ, եւ երթալով՝ աւելի ու աւելի մեղանչել սկսաւ, մանաւանդ հպարտութեան մեղքով, որ պատճառ է շատ մը ուրիշ մեղքերու՝ ինչպէս դրամասիրութիւնը եւ բարկութիւնը:
Սուրբ Պօղոս, որ այս գերութեան ծանրութիւնը կը կրէր իր մարմնին մէջ, զայն կը նմանցնէ պայքարի մը բարիի եւ չարի միջեւ, եւ զարմանալի արտայայտութիւն ունի: Կ’ըսէ. «Բարին ուզելը՝ ես կարող եմ, սակայն բարին գործելը՝ ես անկարող եմ, քանի որ չեմ ըներ բարին զոր կ’ուզեմ, այլ կը գործեմ չարը զոր չեմ ուզեր»: Եւ կը բացատրէ իր գաղափարը, ըսելով. «Եթէ ես կը գործեմ այն ինչ որ չեմ ուզեր ընել, ես չեմ որ այդպէս կը գործեմ, այլ մեղքը որ կը բնակի իմ մէջս զայն կը գործէ» (Հռոմ. 7, 19-20), եւ կը շարունակէ. «Ես տառապեալ մարդ մըն եմ, ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահապարտ մարմինէն» (Հռոմ. 7,24): Եւ յուսալից պատասխան մը կու տայ. «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռոմ. 7,25): Սուրբ Պօղոսին այս տրամաբանութիւնը յստակօրէն կը լուսաբանէ մեր առօրեայ պայքարը չարին դէմ:
Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Աստուած մեզ ազատեց գերութեան վիճակէն: Ինչպ՞էս: Իր Որդին մատնելով Խաչին վրայ մեզի համար: Անկէ վերջ, ով որ կը հաւատայ Խաչի խորհուրդին պիտի փրկուի: Բայց դիւրին չէ հաւատալ որ Խաչը, այսինքն դժուարութիւնները, նեղութիւնները եւ ցաւերը, որոնցմէ կ’ուզենք խուսափիլ, կրնան մեզ տանիլ յաւիտենական կեանքի:
Այդ համոզումին հասնելու համար, պարտինք աշխարհի մտայնութենէն հրաժարիլ եւ որդեգրել քրիստոնեայի մտայնութիւնը: Աշխարհի մտայնութիւնը մեզ կը մղէ փնտռելու մեր հանգիստը եւ մեր վայելքը : Աշխարհի մտայնութիւնը մեզ անձնասէր, փառասէր եւ դրամասէր կը դարձնէ: Մեր անձնական շահը միայն կը հետապնդենք, շատ անգամ սուտ խօսելով, ճերմակ սուտեր խօսելով, ինչպէս ոմանք կ’ըսեն իրենք զիրենք արդարացնելու համար: Բայց դուք լաւ գիտէք որ ճերմակ սուտ չկայ: Սուտը, պզտիկ կամ մեծ, միշտ սուտ է եւ չ’արդարանար, քանի Աստուծոյ պատուիրանին դէմ է: Ուրեմն, աշխարհի մտայնութիւնը մեզ մտահոգ կը ձգէ եւ երբեք չի կրնար մեզ երջանիկ դարձնել:
Իսկ քրիստոնեայ մտայնութիւնը մեզ կը մղէ նմանելու Յիսուսին եւ սուրբերուն: Քրիստոնեայ մտայնութիւնը մեզ կը մղէ ուրիշներուն հանդէպ անտարբեր չմնալու: Մեզ կը մղէ հեռու մնալու մեղքէն, պզտիկ կամ մեծ, եւ ընդունելու, առանց տրտնջելու, նեղութիւնները եւ առողջութեան տկարութիւնները: Անիկա մեզ կը մղէ ոխ չպահելու մէկու մը հանդէպ, այլ ներելու մեզի վնաս հասցնողներուն, եւ այնպէս ապրելու՝ որպէս նոր արարածներ եւ վկայութիւն տալու սուրբ Աւետարանին: Այս քրիստոնեայ մտայնութիւնը անկարելի չէ: Ան մեզի խաղաղ սիրտ կը պարգեւէ եւ ուրախութիւն կը պատճառէ: Այս ուրախութիւնը կը զգանք մանաւանդ երբ ուրիշներուն բարիք կ’ընենք, երբ կարենանք զանոնք ուրախացնել եւ մխիթարել՝ ինչպէս առանձին ապրողները, տկարները, հիւանդները, կարօտեալները եւ մանաւանդ մեղքի տակ ճնշուածները: Այս մտայնութեամբ ապրողները չեն փնտռեր ցուցամոլութիւնը եւ շահի կամ գովասանքի ետեւէ չեն, այլ լռութեամբ կը գործեն, որովհետեւ կ’ուզեն հաճելի դառնալ միայն Յիսուսին եւ ոչ մարդոց, եւ գիտեն թէ Աստուած, որ կը տեսնէ ծածուկը, զիրենք պիտի վարձատրէ յայտնապէս:
Սիրելիներ, ունինք մեր մէջ երկու տարբեր մտայնութիւններ: Մին՝ աշխարհի մտայնութիւնը, որ մեր կեանքին լուծում չի կրնար տալ, այլ տխրութիւն կը պատճառէ եւ երբեմն ալ յուսալքումի կը տանի: Միւսը՝ քրիստոնեայ մտայնութիւնը, որ երջանկութեան եւ փրկութեան կը տանի: Մեզի կ’իյնայ անոնցմէ ընտրել լաւագոյնը, այսինքն՝ քրիստոնեայ մտայնութիւնը:
Առաքեալները իսկ չկրցան քրիստոնէաբար ապրիլ առաջին մէկ օրէն, եւ գիտենք թէ անոնք սխալներ գործեցին: Սուրբ Պետրոսն անգամ մարդկային մտայնութեամբ շարժեցաւ, երբ Յիսուս սկսաւ յստակօրէն խօսիլ թէ ինչ կը սպասէ իրեն Երուսաղէմ, այսինքն՝ չարչարուիլ եւ մեռնիլ Խաչին վրայ: Պետրոս չդիմացաւ, այլ պոռթկաց ըսելով. «Աստուած չընէ, Տէ՛ր, որ այդ բաները քեզի պատահին» (Մտթ. 16,22): Յայտնի է որ Պետրոսին գաղափարները կը հակասէին Յիսուսի կեցուածքին: Մարդկային տրամաբանութեամբ, ըստ Պետրոսի, կարելի չէր որ Աստուած թոյլ տար որ Յիսուս, իր Միածին Որդին, Խաչին վրայ աւարտէ իր առաքելութիւնը:
Մինչ Յիսուս, ընդհակառակը, լաւ գիտէր թէ Իր Հայրը, իր անհուն սիրոյ պատճառով մարդոց հանդէպ, զինք ղրկեց աշխարհ որպէսզի Իր կեանքը տայ մարդոց փրկութեան համար, նոյնիսկ եթէ պէտք պիտի ըլլար, ինչպէս որ եղաւ, մեռնիլ Խաչին վրայ: Բայց Յիսուս գիտէր նաեւ որ մահը վերջակէտ մը պիտի չըլլար իրեն համար, այլ՝ հանգրուան մը որմէ ետք յաղթական պիտի ելլէր  յարութիւն առնելով մեռելներէն:
Պետրոսին միջամտութիւնը, այսինքն Յիսուսէն ահռելի մահը հեռացնելու նպատակը, թէպէտ բարի տրամադրութեամբ ըսած էր Պետրոսը իր Տիրոջ սիրոյն պատճառաւ, նոր արարածի մտայնութեամբ չÿըրաւ, այլ մարդկային գաղափարէ մղուած, որ հակառակ է քրիստոնեայ մտայնութեան, այսինքն հաւատքի հակառակ է: Լսեցինք քիչ առաջ սուրբ Աւետարանէն, որ «միայն ան որ կը հաւատայ Յիսուսին պիտի ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3,16): Ասոր համար, Յիսուս շատ խիստ հանդիմանութիւն ըրաւ Պետրոսին, ըսելով. «Հեռացի՛ր ինծմէ, սատանա՛յ, դուն ինծի գայթակղութիւն ես, որովհետեւ քու մտածումներդ Աստուծոյ մտածումներ չեն, այլ մարդոց» (Մտթ. 16,23): Յիսուս իր կեանքը տալով, զայն կրկին պիտի ստանար յարութեամբ, եւ յաւիտենական կեանքը պիտի պարգեւէր մեզի:
Եթէ Յիսուս ընդունեցաւ չարչարուիլ եւ մեռնիլ Խաչին վրայ մեզ փրկելու համար, ատիկա չեղաւ որովհետեւ Աստուած անգութ եւ անողորմ է, այլ ատիկա եղաւ քաւելու համար մարդոց անհամար մահացու մեղքերը: Յիրաւի, Յիսուս իր մահով եւ յարութեամբ է որ յաղթեց մեղքին եւ մահուան, եւ մեզի դուռը բացաւ փրկութեան հասնելու: Եւ քանին՜եր կան, մեր հարազատներէն իսկ, որոնք երկինքը կը վայելեն հիմա: Անոնց թիւը մենք չենք գիտեր, բայց ապահովաբար կան:
Պէտք չէ մոռնալ որ պայքարը չարին դէմ չէ վերջացած Յիսուսի յարութեամբ, այլ պիտի տեւէ որքան ատեն որ մարդիկ մեղանչեն, այսինքն մինչեւ աշխարհի վերջը: Չարը գոյութիւն ունի: Չարը ամէն ատեն եւ ամէն սերունդին մէջ կը պայքարի բարիին դէմ: Գոյութիւն ունի նաեւ մեր շուրջ: Եթէ մեր աչքերը բանանք, ի՞նչ կը տեսնենք: Ամէն օր պատերազմներ, նոյնիսկ եթէ մեծ չեն, սակայն մահ կը սփռեն: Ամէն օր անմեղներ կը մեռնին, ուրիշներ կը վիրաւորուին: Որք՜ան գէշութիւններ եւ անարդարութիւններ կը գործուին, մանաւանդ տկարներուն հանդէպ:
Ինչպէ՞ս կարելի է հակասդել այդքան չարութիւններուն դէմ, ինչպէ՞ս: Կարելի է հակասդել միմիայն անզէն ուժով, Յիսուսի նման, այսինքն՝ սիրով: Որովհետեւ սէրը միայն կրնայ յաղթել ատելութեան եւ չարին: Այս անզէն սիրոյ ոյժն է  որ Յիսուս գործածեց եւ յաղթեց: Բայց իր աշակերտները դժբախտաբար չհասկցան զինք, գայթակղեցան եւ լքեցին զինք, նոյնիսկ իր մտերիմները: Մենք չգայթակղի՛նք Խաչին առջեւ եւ չլքե՛նք Յիսուս:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, փրկութեան գործը շարունակելու համար, Յիսուս կը հրաւիրէ այր եւ կին մարդիկ՝ զիրենք մասնակից դարձնելու իր առաքելութեան, Իր պայքարին չարին դէմ: Այրեր եւ կիներ, որոնք պատրաստ են Խաչը շալկելու եւ իրեն հետեւելու: Ինչպէս Յիսուսին համար եղաւ, նոյնը քրիստոնեաներուն համար պիտի ըլլայ: Խաչը  շալկել ընտրովի չէ: Ան՝ առաքելութիւն մըն է որ պարտինք ստանձնել, եւ սիրով ստանձնել: Եթէ տակաւին Պետրոսի մարդկային մտայնութեամբ կ’ապրինք, այս առաքելութենէն պիտի փախչինք: Իսկ եթէ Յիսուսի աշակերտներ կ’ուզենք ըլլալ, մեր խաչը պիտի շալկենք ամէն օր եւ Յիսուսին պիտի հետեւինք: Ս. Պօղոս կÿըսէ. «Խաչի լեզուն յիմարութիւն է անոնց համար, որ կը կորսուին, բայց մեզի՝ փրկեալներուս համար, Աստուծոյ զօրութիւն է» (Ա. Կորն. 1,18):
Աշխարհի վրայ, չար ուժերը այնքան զօրաւոր դարձած են, որ կարծէք թէ անոնք կը տիրապետեն մարդոց ճակատագրին վրայ: Ասոր համար, Քրիստոս անընդհատ կերպով կը հրաւիրէ բոլոր քրիստոնեաները եւ իրենց կ’ըսէ՝ եթէ կ’ուզէք Իմ աշակերտս ըլլալ, ուրացէք ձեր անձնասիրութիւնը եւ շալկեցէք խաչը ինծի հետ: Այսօրուայ ընթերցուածէն իմացանք սուրբ Պօղոսին խօսքը. «Հարկ է ըլլալ նոր արարած» այսինքն հարկ է ըլլալ քրիստոնեայ մտայնութեամբ ապրող մարդիկ, եւ կը շարունակէ. «Թող ոչ ոք ինծի ձանձրոյթ տայ, որովհետեւ ես իմ մարմնիս մէջ կը կրեմ Քրիստոսի չարչարանքները» (Գաղ. 6,15.17), այսինքն իր Խաչը շալկած է, որովհետեւ քրիստոնեային համար Խաչը կը ներկայացնէ Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ անոր անհուն սէրը յայտնուած Քրիստոսի մահուամբ եւ յարութեամբ՝ մեզի կեանք շնորհելու համար: Ասոր համար Ս. Պօղոս կÿըսէ նաեւ. «Ինծի քա լիցի պարծիլ եթէ ոչ միայն Խաչովն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի» (Գղ. 6,14):
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, խնդրե՛նք սուրբ Կոյս Աստուածածնէն, մեր սիրելի մօրմէն, ոյժը եւ քաջութիւնը հետեւելու համար Քրիստոսի առանց վախի, ինչպէս որ Ան հետեւեցաւ իրեն Խաչի ճանապարհի վրայ, իրեն հետեւեցաւ մինչեւ վերջ: Անոր նման, մենք ալ քաջաբար հետեւի՛նք Քրիստոսի այն ճանապարհին վրայ որ կը տանի դէպի յարութիւն, որ կր տանի դէպի յաւիտենական կեանք. Ամէն:          

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ