Պէյրութ, Լիբանան
15 Սեպտեմբեր 2010-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը հաւաքուած էին սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեանի հայերէն եւ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի արաբերէնով ողջոյնի խօսքերէն յետոյ միասնական աղօթքով բացումը կատարուեցաւ նոր ուսումնական տարեշրջանին։
Այնուհետեւ ներկաները տեղափոխուեցան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարան, գումարելու համար վերամուտի ընդհանուր ժողովը։
Փոքրիկ հիւրասիրութենէ ետք 2010-2011 տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պր. Կրէկուար Գալուստի ելոյթով։ Պր. տնօրէնը ամառնային արձակուրդէն յետոյ, բարի վերադարձ մաղթեց բոլորին։ Ան իր զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նոր ուսումնական տարուան նորութիւններուն՝ ինչպէս շինարարական գետնի վրայ, այնպէս ալ անձնակազմային փոփոխութիւններուն։ Այնուհետեւ, ներկայացնելէ յետոյ վարժարանէն ներս տիրող օրինակարգը, պր. Կրէկուար Գալուստ ջերմօրէն ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Մեսրոպեանի ընտանիքին միացած նկարչութեան ուսուցիչ՝ պր. Վազգէն Մուղալեանին։ Պր. Մուղալեան նկարչութիւն պիտի դասաւանդէ վարժարանի միջնակարգ բաժինի 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտութեան։ Այս մէկը նորութիւն է վարժարանի համար, ինչը. ըստ պր. Գալուստի կու գայ փարատելու աշակերտութեան քով գոյութիւն ունեցող ուսումնական գերբեռնուածութիւնը։
Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ վարժարանի տարրալուծարանին, նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանաի վարժարաններու մէջ եզակի տարրալուծարան կը նկատուի, օժտուած ըլլալով արդիական բոլոր գիտական սարքաւորումներով եւ նիւթերով։ Հետեւաբար մեծ ակնկալիքներ կան, որ այս ուսումնական տարուընէ սկսեալ տարրալուծարանի պատասխանատու Պր. Սերժ Հաննան աւելի ժամանակ պիտի տրամադրէ աշակերտներուն հետ տարուող գիտական աշխատանքներուն։
Իր
խօսքին մէջ պր. Գալուստ նաեւ անդրադարձաւ այն խնդրին, որ Մեսրոպեանը աշակերտութեան թուաքանակով հայկական մեծագոյն վարժարանն է, ուր կÿուսանին տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող ընտանիքներէ եկող աշակերտներ։
Ան նաեւ խօսեցաւ յառաջիկայի կատարուելիք ծրագիրներու մասին, որոնցմէ է տակաւին անցեալ տարուընէ ծրագրուած նոր մանկապարտէզի շինարարութիւնը։ Նկատի ունենալով Մեսրոպեան մանկամսուրի հանդէպ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութիւնն ու մեծ պահանջարկը, այս տարուընէ սկսեալ պիտի գործէ մանկամսուրի նոր՝ երրորդ դասարանը, որ օժտուած պիտի ըլլայ արդիական բոլոր պայմաններով, որոնք թոյլ պիտի տան փոքրիկներու ծնողներուն իրենց տուներէն ներս համացանցի (ինթերնեթ) ծառայութիւններէն օգտուելով, վայրկեանին տեսնելու թէ ինչով զբաղած է իրենց փոքրիկը մսուրէն ներս։
Պր. Կրէկուար Գալուստ, աւարտելով իր խօսքը, բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի եւ բեղուն ուսումնական աշխատանքային տարի մը։ Այնուհետեւ ան խօսքը փոխանցեց Լիբանանի Կաթողիկէ Վարժարաններու Ընդհանուր քարտուղարութեան ուսումնական գրասենեակի պատասխանատու Տիկ. Լինտա Աունին, որ մանրամասնօրէն խօսեցաւ մանկավարժներուն աշխատանքի ճիշդ կազմակերպման վերաբերող գիտական ուսումնասիրութեան մը շուրջ։ Տիկ. Աունին փոխանցած խորհուրդները զգալիօրէն պիտի օգնեն ուսուցիչներուն, աշակերտութեան արդի սերունդներուն հետ աշխատանքը բացարձակ օգտաշատ կազմակերպելու համար։
Այնուհետեւ հակիրճ խօսք առաւ Սէն ԺոզէՖ համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի պատասխանատու մասանգէտներէն՝ Տիկ. Սիւզան Ապու Ռըժէյլին, որ վերարժեւորեց անցեալ ուսումնական տարուան ընթացքին համալսարանէն մասնագէտներու յատուկ խումբին Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու մէջ ունեցած աշխատանքը, որուն արդիւնքներուն վրայ այս տարի արդէն կը սպասուին նկատելի փոփոխութիւններ ուսումնառութեան համակարգին մէջ։ Ան շեշտեց, որ նմանօրինակ աշխատանքներ այս տարի կը սպասուին միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն մէջ։
Տիկ. Սիւզան Ապու Ռըժէյլիի խօսքէն յետոյ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը յիշատակի նկար մը նկարուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ՝ սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ։
Տեսչական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի